ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԿԸ ՇԱՀԻ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին այցելեց Կարս, Աղրը եւ Իգդիր։ Թուրքիոյ արեւելքի այս քաղաքներուն մէջ Էրտողան մասնակցեցաւ ԱՔ կուսակցութեան շրջանային մասնաճիւղերուն կողմէ կազմակերպուած զանազան հաւաքոյթներուն։ Այս երեք քաղաքներուն մէջ ունեցած ելոյթներուն ընթացքին Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ տարածքաշրջանի իրադրութեան։ Աղրըի մէջ ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ընթացքին։ Էրտողան ըսաւ.

«Թէ ինչերու ի զօրու են բարեկամութիւնը, եղբայրութիւնն ու զօրակցութիւնը. այս բանի լաւագոյն օրինակներէն մին կը վերաբերի մեր անմիջապէս կողքին գտնուող Հայաստանին եւ անոր վրայի Վրաստանին։ Հայաստան, մասնաւորապէս Սփիւռքի ազդեցութեամբ մեր երկրի հետ յամառօրէն փակ կը պահէ բարեկամութեան միջոցները եւ այս պատճառով դուրս մնացած է հաղորդակցութեան, ուժանիւթի եւ առեւտուրի բոլոր ճանապարհներէն ու պիտի շարունակէ դուրս մնալ։ Ասոր փոխարէն Վրաստան Թուրքիոյ եւ արեւմտեան աշխարհի, նաեւ Կովկասի, Միջին Ասիոյ եւ Հարաւային Ասիոյ աշխարհագրութեան միջեւ կամուրջի մը դերը ստանձնելով՝

լուսաւոր ապագայ մը կառուցած է ինքզինքին համար։ Այս երկու օրինակները յատկանշական են՝ ցոյց տալու առումով այն գետինը, որու վրայ խարսխել կ՚ուզէ Թուրքիա իր յարաբերութիւնները շրջակայ երկիրներուն հետ։ Մեզի հետ բարեկամ եղողը կը շահի, իսկ մեզի դէմ թշնամութիւն տածողը կը կորսնցնէ։ Իշխանութեան գլուխ գալու ժամանակ յայտնած էինք, որ պիտի բարձրացնենք մեր բարեկամներուն թիւը եւ իսկապէս անկեղծ էինք»։

Էրտողան Կարսի մէջ ալ անդրադարձաւ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն։ Ան յայտնեց, որ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին յեղափոխութեան համազօր ծրագիր մըն է։ Արդարեւ, այս երկաթուղիին շնորհիւ Լոնտոնն ու Փեքինը կը միանան առանց ընդհատումի։ Այսպէսով Կարս քաղաքը աշխարհի երկու ծայրերու միջեւ հաղորդակցութեան ամենակարեւոր կանգառներէն մէկուն վերածուած է։

Շաբաթավերջի այցելութիւններուն ընթացքին Էրտողան յիշեցուց, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ յարաբերութիւնները գագաթնակէտին հասած են իրենց իշխանութեան տարիներուն, սակայն աւելի վերջ Եւրոմիութեան հետ շատ տարբեր կէտի մը հասած է երկիրը։ Նման վիճակ մը խնդրոյ առարկայ է նաեւ այնպիսի երկիրներու համար, որոնց հետ Թուրքիա կապեր ունի որպէս դաշնակից։ «Գործ խանգարողը երբեք Թուրքիան չէ եղած», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ երկիրը անտարբեր չի կրնար մնալ նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ զուլումներուն։  

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017