ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ԵՓԿ-ՓԵՏ-Ն ՊԻՏԻ ԽՐԱԽՈՒՍԷ՝ ՈՐՊԷՍ ՏԵՂԱԿԱՆ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐՔ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիս յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն ԵՓԿ-ն պիտի խրախուսէ՝ որպէս ոստիկանական զօրք։

«CNN Türk»ի հաղորդումներով, Ճիմ Մաթիս ներկայիս հնգօրեայ շրջագայութեան մը ձեռնարկած է դէպի Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանի երկիրներէն Եգիպտոս, Յորդանան, Քուէյթ եւ Փաքիստան։ Իր ուղեւորութեան առթիւ ան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց ԱՄՆ այլեւս զէնք ու զինամթերք պիտի չմատակարարէ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ին։ Ճիմ Մաթիս յայտնեց, որ պիտի կեդրոնանան ճիշդ ալ Նախագահ Թրամփի յայտարարած գծին վրայ։ «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը զինելէ աւելի պիտի կեդրոնանան դիրքեր չզիջելու վրայ։ ԵՓԿ պիտի խրախուսուի որպէս ոստիկանական զօրք», ըսաւ Փենթակոնի ղեկավարը եւ աւելցուց, թէ ամերիկեան կողմը առաջնահերթ կը համարէ այն աշխատանքները, որոնք կը նախատեսեն արգիլել ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) վերադարձը։

Ճիմ Մաթիսի բացատրութիւններով՝ ԻՇԻՊ-ի դէմ յարձակման գործողութիւնները հասած են վերջին փուլին։ Այս փուլէն վերջ ԱՄՆ քաղաքականութիւնը պիտի կեդրոնացնէ՝ Սուրիոյ ժողովրդական ուժերը զինելէ աւելի դիրքեր չզիջելու նպատակին վրայ։ Ան յայտնեց, որ նոր զէնք ու զինամթերքի կարիքը զգալի չէ, որովհետեւ ԵՓԿ ցայսօր բաւարար չափով զինուած է։ «ԵՓԿ զինուած վիճակի մէջ է եւ միջազգային համախոհութեան յարձակման գործողութիւններու վերջ գտնելուն զուգահեռ՝ բացայայտ է, որ այդ մէկուն կարիքը պիտի չմնայ», ըսաւ Մաթիս եւ աւելցուց, որ ԻՇԻՊ-ի պարտութեան առընթեր Սուրիայէ ներս ամերիկեան զօրքերու բաղադրիչները փոփոխութեան պիտի ենթարկուին։ Ուաշինկթըն կը նախատեսէ խաղաղութեան համար բռնել դիւանագիտութեան ուղին։

Ըստ Ճիմ Մաթիսի ԱՄՆ յետ այսու պիտի պաշտպանէ այլեւս դիւանագիտական գործընթաց մը։ Սուրիայէ ներս ԱՄՆ-ի զինուորական դիրքորոշումը պիտի տարբերի ու վերջ պիտի գտնէ ԵՓԿ-ՓԵՏ-ի զինումը։ Այս ամբողջին մէջ է, որ ԵՓԿ-ՓԵՏ-ն այլեւս պիտի խրախուսուի որպէս տեղական ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան ուժ։   

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017