ՄՍՈՒՐԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

«Եւ այս նշանակ ձեզ.

գտանիցէք մանուկ պատեալ ի խանձարուրս

եւ եդեալ ի մսուր» (Ղուկաս, 2.12)

Ամէն տարի երբ կը մօտենայ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը մենք զմեզ կը գտնենք եռուզեռի մը մէջ։ Քրիստոնեայ ընտանեկան յարկերէն, նաեւ եկեղեցիներէն ներս կը ստեղծուի մթնոլորտ մը, որով տակաւ առ տակաւ կը պատրաստուինք ապրիլ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան օրհնաբոյր աւետիսին կենսանորոգ ուրախութիւնը։ Տաղաւարի պատրաստութեան օրերուն կը յիշենք, թէ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան դէպքը դարեր շարունակ ներշնչած է գեղարուեստի գործիչները, որոնք պաստառներու, որմնանկարներու, քանդակներու միջոցաւ պատկերացուցած են Մեծ եւ Սքանչելի Խորհուրդին յայտնութիւնը եւ անոր հետ առընչուած դէպքերն ու տեսարանները։

Երբ մեր աչքերը կը սեւեռենք գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն, կը նըշ-մարենք անոնցմէ մին՝ որ է Բեթղեհէմի Սուրբ Այրին մսուրը, կը ներկայացնէ Սուրբ Ընտանիքի կերպարը՝ նորածին Մանուկ Յիսուսով Մարիամն ու Յովսէփը, նաեւ անոնց առընթեր հովիւներն ու մոգերը։

Որքա՜ն խորհրդաւոր է, իրարու անծանօթ եւ տարբեր նշաններով առաջնորդուած այցելուներու մէկտեղումը, պարզ մսուրի մը առջեւ։ Մսուրը այն սուրբ վայրն է, որ համակ համեստութիւն կը բուրէ։ Այդ համեստ միջավայրին մէջ մարդկային ընկերութեան խոնարհ եւ փարթամ դասակարգներու ներկայացուցիչները որպէս այցելուներ կողք կողքի կը ներկայանան առաջի Քրիստոսի։ Մսուրը եղաւ հարուստին եւ աղքատին, տգէտին եւ գիտնականին, անուսին եւ ուսեալին միատեղման վայրը։ Այդ միատեղման հասարակաց նպատակն էր մեծարել ու իրենց ունեցած արժէքները նուիրաբերել առ ոտս նորածին Թագաւորին եւ Փրկչին։ Ուրեմն նորածին Մանուկը, իսկութեան մէջ առաջին իսկ մէկ օրէն իր կողքին համախմբած է անձեր, որոնք մարդկային եւ աշխարհիկ մտայնութեան արժեւորման գծով իրարմէ անջատուած դիրքերու վրայ կը գտնուէին։

Հովիւները Տիրոջ հրեշտակէն ստացան աւետիսը, թէ՝ «Դաւիթի քաղաքին մէջ Փրկիչ մը ծնաւ, Օծեալ Տէրը», որ կ՚ամբողջանար հետեւեալ բառերով. «Եւ այս թող նշան ըլլայ ձեզի. խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած մանուկ մը պիտի գըտ-նէք» (Ղուկաս, 2.12)։

Միւս կողմէն մոգերը՝ իրենց աւանդական անուններով՝ Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, առաջնորդուած էին «արեւելքի մէջ տեսնուած աստղէն», որ զանոնք հասցուցած էր մսուրին գտնուած վայրը (Մատթէոս, 2.2, 9)։

Հովիւներ եւ մոգեր։ Առաջինները ազդուելով Բեթղեհէմի երկնակամարի վրայ յայտնուած առինքնող ու փառաւոր տեսարանէն, հետաքրքրուեցան ու զիրար քաջալերելով գացին դէպի Քրիստոսի ծննդավայրը։ Իսկ մոգերը, յոյսով պսակուած իրենց հաստատակամութեան պտուղը քաղեցին եւ արժանացան Յիսուս Մանկան տեսութեան։

Մսուրը առաջին օրրանն է Աստուծոյ Միածին Որդւոյն։ Այդ օրրանը կը նոյնանայ մեղքով ծանրաբեռնուած աշխարհի մարդկութեան հետ։ Աստուած մարդացաւ եւ մեղաւոր մարդոց մէջ յայտնուեցաւ։ Սակայն հարցը այն էր, թէ մարդկութիւնը ինչպիսի՞ վերաբերում ցոյց տուաւ Անոր նկատմամբ։ Եսայի մարգարէն Տիրոջ խօսքը կը փոխանցէ ըսելով. «զաւակներ մեծցուցի ու բարձրացուցի եւ անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան. եզը իր Տէրը կը ճանչնայ ու էշը՝ իր տէրոջը մսուրը, բայց Իսրայէլ զիս չի ճանչնար իմ ժողովուրդս չ՚իմանար (Եսայի 1.2-3)»։ Քրիստոսի մսուրը աստուածային բնակարան է, որմէ օրհնութիւնը պիտի չպակսի։ Մսուրը կը ներկայանայ հրաւէրով մը։ Հրաւէր մը, որուն ընդառաջել կարելի կ՚ըլլայ Եսայիի մարգարէութեան մէջ ներկայացուած ժխտական կեցուածքէն հեռանալով։

Հերովդէս հակառակ իր արքայական փառքին ու զօրութեան չարժանացաւ մսուրին մօտենալու պատիւին։ Չկրցաւ, որովհետեւ Աստուած չարտօնեց իրեն։ Հերովդէս իր անձնական փառքին համար ամէն ինչ զոհելու, նոյնիսկ մայրեր ու հայրեր լացի ու կոծի մատնելու տրամադրութիւնը ունէր։ Մտքի չար խորհուրդներով, նենգութեամբ, ատելութեամբ, նախանձով եւ նման մեղքերով վարակուածներ դարձի ճանապարհը որդեգրելով կրնան միայն մօտենալ մսուրի խորհուրդին, իրենց հոգեւոր սնունդը ապահովելու տրամադրութեամբ։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ շատ գեղեցիկ կերպով կը խրատէ բոլորս. «Փութացիր անձն իմ փախչիլ ի չարեաց, փափաքիլ բարեաց, քեզ միշտ մերձ ծանիր քուն մահու եկեալ քննող դատաւոր»։

Մսուրի խորհուրդին մօտենալու առընթեր կը հրաւիրուինք նաեւ մեր անձնական կեան-քէն ներս մսուրներ յարդարելու։ Արդեօք մսուրներ կա՞ն մեր կեանքէն ներս։ Այդ յարդարելի մսուրները պէտք է ըլլան մեր սրտերը, որպէսզի իջնէ եւ բնակի Քրիստոս Իր լիութեամբը, լիացնելու մեր երկրաւոր կեանքը, զայն իմաստաւորելու եւ ի վերջոյ պարգեւելու մնայուն մսուրին շուրջը հաւաքուելու ուրախութիւնը, որ խոստացուած յաւիտենական կեանքի երջանկութիւնն է, Տիրոջ ներկայութեան սեղան բազմելու պատիւին արժանանալն է։ Մսուրը կ՚առաջնորդէ մեզ դէպի այդ ուրախութիւնը։ Մեր հոգեւոր կեանքը կրնանք շնորհազարդել, շնորհազարդեալ պահել մսուրի Մանուկին քարոզած Սուրբ Աւետարանի ճշմարտութեամբը միայն։ Այսօր կը տօնենք Սուրբ Ծնունդը, կ՚ուրախանանք Սուրբ Ծննդեան աւետիսով ու այդ ուրախութիւնը կը բաժնենք մեր սիրելիներով։ Քրիստոս Իր յայտնութեան առթիւ մեզի՝ Իր եղբայրներուն, քոյրերուն, բարեկամներուն կը յիշեցնէ որպէսզի չմոռնան Կեանքի Խօսքը. «Ես եմ ոչխարներու դուռը, բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան գողեր էին եւ աւազակներ, ուստի ոչխարները մտիկ չըրին անոնց։ Ես եմ դուռը. եթէ մէկը ինձմէ ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ պիտի գտնէ… ես եկայ որպէսզի կեանք ունենաք եւ աւելի եւս ունենաք (Յովհաննէս, 10.8-10)»։

Մնանք սնանողներ Աստուածային Մսուրի խորհուրդով։ Պէտք է լաւ ըմբռնենք թէ, աշխարհի յարդարած վաղանցուկ մսուրները իրենց պարունակութեամբ եթէ չքանան, Աստուածային Մսուրէն ստացուած օրհնութեամբ մեր շրթունքները յաւիտեան պիտի երգեն Աստուծոյ փառքը (Ամբակում, 3.17)։

Աստուածային շնորհներով, սիրով ու սըր-բարար զօրութեամբ, հաւատքով, յոյսով ու սիրով լցեալ տօնենք Աստուածայայտնութեան տաղաւարը. Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։ Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի. Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2018