ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին երէկ վերաօծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ՝ վերջին շրջանի բարեկարգման ու բարեզարդման աշխատանքներէն վերջ։ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ մեր այս ամենահայահոծ թաղի եկեղեցւոյ վերաբացուիլը առիթ հանդիսացաւ հոգեւոր ուրախութեան՝ մանաւանդ, որ Ս. Վարդանանց եկեղեցին դարձեալ խնամեալ ու պայծառ տեսք մը ստացած է։ Երէկուան արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ քարոզի ընթացքին գնահատեց ատենապետ Մանուկ Էօղէրի կողմէ գլխաւորուած Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդին ջանքերը՝ եկեղեցին պայծառ ու խնամեալ վիճակի մէջ պահելու ուղղութեամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ նշեց, որ մեր քաղաքի մէջ հայկական եկեղեցիներու թիւը համաչափ կը համարուի՝ մեր համայնքի անդամներուն թիւին բաղդատմամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ Ֆէրիգիւղը մեծ ընտանիք մըն է՝ իր եկեղեցիով, վարժարանով, երգչախումբով, աղքատախնամով եւ բոլոր յարակից մարմիններով։ Ուստի, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումը մեր համայնքին տեսակէտէ Ս. Ծննդեան ընծայ մը կը համարուի։ Քարոզին մէջ ան յիշեցուց նաեւ, որ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագիրը կեանքի կոչուած է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան թոյլտուութեամբ, ուստի այս կապակցութեամբ արտա-յայտեց իր շնորհակալութիւնը։ Օծման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութենէն եւ Շիշլիի քաղաքապետութենէն ներկայացուցիչներ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 5, 2022