ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՅԱՋՈՐԴ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՍՈՉԻ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Սոչի, ուր պիտի տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, հանդիպումը նախատեսուած է փետրուարի 14-ին։ Սոչիի մէջ միեւնոյն ժամանակ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներուն եռակողմանի գագաթաժողովը՝ Սուրիոյ տագնապին շուրջ։

Նախագահ Էրտողան այս հանդիպման ընդառաջ TRT-էն տեսա-սըփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա կողմնակից չէ Սուրիոյ ժողովուրդի տարանջատման։ Անգարայի քաղաքականութեան հիմքին կը գտնուի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ քաղաքային միութիւնը։ Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութեան զօրքերը չունին նման հաշուարկ մը։ Բայց եւ այնպէս, Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան այդ հանգամանքը շատ վճռական ձեւով ընդգծած են իրենց ամբողջ գործունէութեան ընթացքին։

Էրտողան խօսեցաւ նաեւ անցեալ շաբաթ Մոսկուա այցելած թրքական պատուիրակութեան շփումներուն շուրջ։ Ան մատնանշեց, որ պատուիրակութեան անդամները Անգարա վերադարձին փոխանցած են տեղեկութիւններ, ըստ որոնց Մոսկուայի բանակցութիւններու արդիւնքները դրական կը համարուին Թուրքիոյ հետապնդած նպատակներուն տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 5, 2019