ՑԻՓՐԱՍ ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հանրապետութեան նա-խագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասը։ Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս կը տեսակցին Էրտողան եւ Ցիփրաս, որոնք կը քննարկեն Անգարա-Աթէնք օրակարգի առաջնահերթ խնդիրները։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երկու ղեկավարները կանգ կ՚առնեն Կիպրոսի հիմնախնդրին վրայ։ Բաց աստի, անոնց ուշադրութեան առարկայ կը դառնան՝ արեւելեան Միջերկրականի ուժանիւթի աղբիւրներու վերաբերեալ նախաձեռնութիւնները, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացը, Եգէականէ ներս լարուածութեան նուազեցման ուղղեալ նախազգուշական միջոցները, երկու երկիրներու առեւտուրի ծաւալը բարձրացնելու ուղղեալ քայլերը եւ Յունաստանի մէջ գտնուող ՖԵԹԷՕ-ականներու արտայանձնման հարցը։ Արեւմտեան Թրաքիոյ վերաբերեալ խնդիրներն ալ կը գտնուին բանակցութիւններու օրակարգին վրայ։

Պեշթեփէի մէջ նախատեսուած է նաեւ երկու ղեկավարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Նախագահ Էրտողան ընթրիք մըն ալ կը սարքէ ի պատիւ հիւր վարչապետին։

Ալեքսիս Ցիփրաս վաղը այցելութեան ծրագիրը պիտի շարունակէ Իսթանպուլի մէջ, ուր պիտի այցելէ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Ցիփրաս եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը միասնաբար պիտի այցելեն Հէյպէլիի յունաց վանքը։ Այսպէսով Ցիփրաս պիտի հանդիսանայ Յունաստանի առաջին վարչապետը, որ այցելած պիտի ըլլայ այդ պատմական վանքը, որ փակ կը մնայ տասնամեակներէ ի վեր եւ որու վերաբացումը միշտ կը գտնուի օրակարգի վրայ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 5, 2019