ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ CCAF-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ՝ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԱՔՐՈՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Փարիզի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքը, որուն մասնակցութիւն կը բերէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն։ Վերջին տարիներուն արդէն աւանդական դարձած է այս հանդիպումը։ Մաքրոն կը հետեւի իր երկու նախորդներուն՝ Ֆրանսուա Օլանտի եւ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ ստեղծուած նախընթացին եւ տարեմուտին ընթրիքի սեղանի շուրջ կը համախմբուի ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Պաշտօնական ճաշկերոյթին կը մասնակցին նաեւ Ֆրանսայի քաղաքական վերնախաւէն շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 5, 2019