«ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ՀՐԱՇՔ»

Հոլանտացի նկարիչը հազարաւոր գունաւոր LED լոյսերու միջոցով պրասի դաշտը վերածած է «գիշերային հրաշքի»։ Այսպէս, հոլանտացի նկարիչ Տաան Ռոշկարտ իր վերջին նախագծի՝ GROW-ի շրջանակներէն ներս, պրասի դաշտին մէջ հազարաւոր կապոյտ եւ կարմիր LED լոյսեր տեղադրած է ոչ միայն գեղագիտական, այլեւ՝ գործնական նպատակներով: Այս մասին կը տեղեկանանք նկարիչի աշխատանոցի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջէն:

Ըստ հեղինակի՝ այս եզակի գեղարուեստական նախագիծը նախատեսուած է ինչպէս հոլանտացի հողագործերուն յարգանքի տուրք մատուցելու, այնպէս ալ արհեստական լոյսի կիրառումը բաց հողատարածքներու մէջ փորձարկելու համար:

Գիշերային անդրմանիշակագոյն լոյսը բաւական երկար ժամանակ է, որ կ՚օգտագործուի ջերմոցային տնտեսութիւններու գիւղատնտեսութիւններու մէջ եւ, յատկապէս, այն վայրերու մէջ, ուր արեւու ուղիղ ճառագայթները սակաւ են: Այնուամենայնիւ, այդ օգտագործումը բացօթեայ գիւղատնտեսութիւններու մէջ մինչեւ հիմա ալ շատ սահմանափակ է:

Այս առընչութեամբ նախագծի հեղինակը կը շեշտէ, որ վաղուց յայտնի է փաստը, թէ անդրմանիշակագոյն լոյսի օգնութեամբ բոյսերը աւելի լաւ կ՚աճին: Վերջինիս հիման վրայ ալ նկարիչի աշխատանոցը սկսած է նաեւ փորձարկել տեսութիւն մը, որու համաձայն՝ անդրամանիշակագոյն լոյսի որոշակի ալիքի երկարութիւնները կրնան միջատասպան դեղերու անհրաժեշտութիւնը նուազեցնել մինչեւ 50 տոկոսով:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021