ԲՐԻՆՁԻ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԴԱՇՏԵՐ

Ինաքատաթէ գիւղին մէջ բրինձի արտասովոր դաշտերը կը յիշեցնեն սքանչելի կտաւներ։ Այսպէս, Ճաբոնի Աոմորի նահանգի Ինաքատաթէ գիւղը, որ շուրջ 7 հազար բնակիչ ունի, յայտնի է բրինձի արտասովոր դաշտերով, ուր ներկայացուած գլուխգործոցները հնարաւոր չէ տեսնել աշխարհի որեւէ այլ կէտէն: Այս մասին կը գրէ «odditycentral.com»ը:

Ճաբոնական այս գիւղի՝ որպէս աշխարհահռչակ զբօսաշրջային ուղղութեան մասին պատմութիւնը սկսած է տակաւին 1990-ականներու սկիզբին, երբ տեղական իշխանութիւնները նկատած են, որ երիտասարդները հիմնականին մէջ կը տեղափոխուին քաղաքային խոշոր կեդրոններ եւ սկսած են որոշակի տարբերակներ քննարկել գիւղին նոր շունչ հաղորդելու համար:

Այդ ժամանակ առաջարկուող գաղափարներէն մէկը եղած է արուեստի ձեւը, որ ներշնչուած էր տեղւոյն աւանդական բրինձի մշակութենէն: Ան կը կոչուէր «Թանպօ արուեստ» (Tanbo Art) ու կ՚ենթադրէր տարբեր գոյնի բրինձի տեսակներու օգտագործում՝ հսկայ կտաւներու վերածելու նպատակով տեղական բրինձի դաշտերը, որոնց ընդհանրական պատկերը տեսանելի է միայն երկինքէն դիտելով:

Առաջին բրինձէ գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են 1993 թուականին, երբ մանիշակագոյն եւ դեղին բրինձի բոյսերը օգտագործուած են լերան մանրամասն պատկեր մը ստեղծելու համար: Ծրագիրը այնքան մեծ յաջողութիւն արձանագրած է, որ տեղւոյն իշխանութիւնները որոշած են զայն վերածել ամենամեայ միջոցառման:

Բազմաթիւ տեղացիներ մինչեւ այսօր ալ այն կարծիքը ունին, որ արուեստի այս ձեւը փրկած է իրենց գիւղը, քանի որ ամէն տարի գլուխգործոցներով հիանալու համար Ինաքատաթէ կ՚այցելեն մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ, ինչ որ, իր հերթին, կը խթանէ տեղական տնտեսութիւնը:

Ըստ «CoolJP»ի՝ այս գեղեցիկ տեսարանները տեսնելու համար 2006 թուականին գիւղ այցելած է մօտաւորապէս 200 հազար մարդ, իսկ մինչեւ 2016 թուականը այդ թիւը հասած է շուրջ 340 հազարի:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021