ՀԵՐԻ ՓՈԹԸՐԻ ՄԱՍԻՆ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԻԾ

«HBO»ն եւ «Warner Bros»ը Հերի Փոթըրի մասին հեռուստաշար մը կը նկարահանեն։ Այսպէս, ամերիկեան «HBO» հեռուստաընկերութիւնը «Warner Bros»ի հետ համագործակցաբար կը նկարահանեն՝ մանկահասակ հրաշագործ Հերի Փոթըրի մասին պատմող շարժանկարի հիման վրայ հեռուստաշար մը։

Նախագիծը տակաւին նախնական փուլի մէջ է։ Բանակցութիւններ կ՚ընթանան նաեւ հնարաւոր բեմագիրներու հետ։ Կը նշուի, որ տակաւին պայմանագիր մը չէ կնքուած:

«Նախագիծի իրականացման համար կան քանի մը խոչընդոտներ։ Նախ՝ հեռուստաշարի գաղափարը պէտք է հաւանութեան արժանանայ Հերի Փոթըրի գիրքերու հեղինակ Ժոան Ռոուլինկի կողմէ։ Մինչ այդ, անհրաժեշտ է ստանալ «NBCUniversal» ընկերութեան համաձայնութիւնը, որուն կը պատկանի կախարդական կերպարի հետ կապուած բովանդակութեան հեռարձակման իրաւունքները», կը գրէ «The Hollywood Reporter» պարբերականը։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021