ԵՐԵՒԱՆԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀՆԱԳՈՅՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ

Բրի­տա­նա­կան The Telegraph պար­բե­րա­կա­նը ու­շագ­րաւ լո­ւսան­կար­նե­րու շար­քով անդ­րա­դար­ձած է Եւ­րո­պա­յի ա­մե­նա­հին տասն­վեց քա­ղաք­նե­րուն՝ իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն ա­ռա­ջար­կե­լով կեան­քի ըն­թաց­քին գո­նէ ան­գամ մը այ­ցե­լել զա­նոնք։

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ Եւ­րո­պա­յի հնա­գոյն քա­ղաք­նե­րու ցան­կին մէջ նե­րա­ռուած է նաեւ Ե­րե­ւա­նը, ո­րուն մա­սին հե­ղի­նա­կա­ւոր աղ­բիւ­րը կը գրէ հե­տե­ւեա­լը.

«Հռո­մի հիմ­նադ­րու­մէն ե­րե­սուն տա­րի ա­ռաջ Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յիս մայ­րա­քա­ղա­քը Ա­սիա­յէն դէ­պի Եւ­րո­պա ճա­նա­պար­հին կա­րե­ւոր ա­ռեւտ­րա­յին կան­գառ ե­ղած է: Ա­նի­կա են­թար­կուած է հռո­մէա­ցի­նե­րու, բիւ­զան­դա­ցի­նե­րու, պար­սիկ­նե­րու, ա­րաբ­նե­րու, սել­ճուք­նե­րու ու մոն­ղոլ­նե­րու, իսկ ա­ւե­լի ուշ՝ 1920-ին, խորհր­դա­յին Կար­միր բա­նա­կի ներ­խու­ժում­նե­րուն:

«Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մէն ետք Ե­րե­ւա­նի մէջ նկա­տուե­ցաւ մշա­կու­թա­յին օ­ճախ­նե­րու ա­ւե­լաց­ման մի­տում (քա­ղա­քը ուղ­ղա­կի կ՚ապ­շեց­նէ թան­գա­րան­նե­րու ա­ռա­տու­թեամբ): Ինչ կը վե­րա­բե­րի զբօ­սաշր­ջու­թեան, ա­պա ա­նի­կա դան­դաղ, բայց հաս­տա­տուն կեր­պով կը զար­գա­նայ»:

Միւս կող­մէ, տուեալ ցան­կին մէջ տա­րածքաշր­ջա­նէն ներ­կա­յա­ցուած է ե­րեք քա­ղաք՝ Ե­րե­ւա­նը, վրա­ցա­կան  Մցխեթն ու Քու­թա­յի­սին:

 Ե­րե­ւա­նը կը գտնուի Եւ­րո­պա­յի հնա­գոյն քա­ղաք­նե­րու ցան­կին 16-րդ տե­ղը:

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016