ՋԵՐՄ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վահագն Աթաբեկեան վերջերս այցելեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարան։ Իրեն ընկերացաւ դեսպանութեան առաջին քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեան։ Դեսպան նշանակուելէ վերջ Աթաբեկեան առաջին անգամ այցելեց Հայկազեան համալսարան եւ այս առումով այցելութիւնը ունէր պաշտօնական բնոյթ։

Համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան եւ իր գործակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին դեսպան Աթաբեկեանը։ Փոլ Հայտոսթեան ընդգծեց, որ Հայկազեան համալսարանի եւ Հայաստանի միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած են համագործակցութեան բազմակողմանի կապեր։ Այդ կապերը յառաջ կը տարուին ակադեմական, մշակութային եւ դիւանագիտական համագործակցութեամբ։

Համալսարանի նախագահին, դասախօսական ու վարչական կազմի անդամներուն հետ զրուցելու ժամանակ Վահագն Աթաբեկեան բարձր գնահատեց Հայկազեանի դերակատարութիւնը լիբանանահայ համայնքէն եւ ընդհանրապէս հայկական սփիւռքէ ներս։ Վահագն Աթաբեկեան պատրաստակամութիւն յայտնեց ջանքեր գործադրել, որպէսզի դեսպանութեան եւ համալսարանին միջեւ հաստատուած ամուր համագործակցութիւնը շարունակուի։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2019