ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԻՆ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ՝ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԻՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները տեղեկացուցին, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած են իրենց առաջարկը՝ հանդիպում մը ունենալու վերաբերեալ։ Ինչպէս ծանօթ է, միջնորդները վերջերս այցելութիւն մը կատարած էին դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Այդ շփումներու լոյսին տակ անոնք հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ բացատրութիւններ տուին Երեւանի եւ Պաքուի իրենց տեսակցութիւններուն շուրջ։ Համանախագահները ընդգծեցին, որ քննարկած են մօտաւոր ապագային առաջնորդներու միջեւ հանդիպման մը կազմակերպման հարցերը՝ ներառեալ հաւանական օրակարգը։ Միջնորդներու հետ զրուցելու ընթացքին Փաշինեան եւ Ալիեւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Տաւոսի մէջ իրենց ունեցած վերջին երկխօսութեան շուրջ։ Երկու երկիրներու ղեկավարները եւ միջնորդները քննարկեցին ներկայ իրադրութիւնը եւ յետագայ քայլերու վերաբերեալ ակնկալութիւնները։ Եռանախագահները դրական գնահատեցին շփման գծի վրայ զոհերու թիւի շարունակական նուազումը։ Անոնք նաեւ ողջունեցին տարածքաշրջանէ ներս հասարակութիւնները խաղաղութեան պատրաստելու ուղղեալ քննարկումներու աշխուժացումը։

Եռանախագահներու յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ ղեկավարները հաւանութիւն տուած են իրենց առաջարկին՝ մօտաւոր ապագային տեսակցելու շուրջ։

Համանախագահները տարածքաշրջանային այցելութենէն վերջ մեկնեցան Վիեննա, ուրկէ ալ անցան Պրաթիսլաւա։ Վիեննայի մէջ անոնք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի երկիրներու մշտական ներկայացուցիչներուն եւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէրի հետ հանդիպումներ ունեցան։ Պրաթիսլաւայի մէջ ալ միջնորդները իրենց ուղեւորութեան արդիւնքներուն շուրջ տեղեկութիւն փոխանցեցին ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքին։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2019