ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Երեւանի մէջ, սեպտեմբերի 17-20-ին տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթաժողովը, որու առաջինը տեղի ունեցած էր 2022 թուականին։ Սա կը կազմակերպուի Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի գրասենեակին կողմէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կը նախատեսուի, որ այս գագաթաժողովին Հայաստանէն եւ սփիւռքէն շուրջ հազար հոգի մասնակցի։ Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան Հայաստանի եւ սփիւռքի արդի մարտահրաւէրներն ու խնդիրները, կայուն զարգացման հնարաւորութիւնները, ներկայ եւ ապագայ կարեւորագոյն հարցերը։ Այս բոլորը միասնական հարթակի մը վրայ, զանազան ձեւաչափերու եւ շրջանակներու մէջ խոշորացոյցի տակ պիտի առնուին։ Գագաթաժողովը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ՝ ազգային անվտանգութենէն մինչեւ բարձր թեքնոլոժիները, տնտեսութենէն մինչեւ գիտութիւնը, հայրենադարձութենէն մինչեւ սփիւռքի համայնքներու կենսունակութիւնը՝ բազմաբնոյթ հարցերու շուրջ կարծիքի փոխանակումներով։

Զարեհ Սինանեան այս գագաթաժողովին ընդառաջ կը մատնանշէ, որ Հայաստան-սփիւռք առողջ համագործակցութեան գլխաւոր նախադրեալը անկեղծ երկխօսութիւնն է։ Այսպէս, համահայկական իրականութեան ներկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ համահայկական միասնականութիւնը եւ գաղափարներու կամ լուծումներու համատեղումը միակ ուղղորդող ճանապարհը կը համարուի՝ ներկայի բարեփոխման եւ կայուն զարգացման տեսակէտէ։ «Սփիւռքը եւ հայրենիքը կարիքն ունին ներգրաւուածութեան եւ ներառականութեան նոր հնարաւորութիւններու եւ ուղիներու», համոզուած է գլխաւոր յանձնակատարը։

Այս երկրորդ նախաձեռնութեան ընդառաջ՝ Զարեհ Սինանեան կը շեշտէ, որ այս գագաթաժողովները նախ եւ առաջ ռազմավարական քննարկումներու, փոխըմբռնման եւ լուծումներու մտայղացման հարթակներ կը համարուին։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024