ՄԻՆՉԵՒ ԱՄԱՌ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ սահմաններուն վրայ այս ամառ ահաբեկչութիւնը պիտի վերջանայ։

Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, ժողովի աւարտին Էրտողան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ նախագահ Էրտողան տեղեկացուց, որ Թուրքիա-Իրաք սահմանին վրայ ահաբեկիչներու ներթափանցման դէմ երաշխաւորման աշխատանքները վերջանալու վրայ են։ «Խնդիրը այս ամառ մշտապէս պիտի լուծուի», ըսաւ ան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա-Իրաք սահմանը անվտանգ դարձնելու հետամուտ շրջանակը այս ամառ ստեղծուած պիտի ըլլայ։ Ուստի, ան կոչ ուղղեց, որպէսզի տարածաշրջանէն ներս բոլորը յարգանքով վերաբերին՝ Թուրքիոյ անվտանգութեան ռազմավարութեան նկատմամբ։

Միւս կողմէ, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէրն ալ յայտարարեց, որ ահաբեկչութիւնը վերջանալու կէտին հասած է։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024