ՄԻՇՈՒՍԹԻՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Պաքուի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ վարչապետ Ալի Ասատովի կողմէ։

Մոսկուայի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին Ռուսաստան-Ատրպէյճան առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Կողմերը առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն ուժանիւթի, փոխադրութեան, արդիւնաբերութեան, մշակութային ու մարդասիրական բնագաւառները եւ այլ ոլորտներէ ներս համատեղ նախագծերու խթանումը։

Կ՚ակնկալուի, որ բանակցութիւններու արդիւնքով երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուին շարք մը փաստաթուղթեր։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024