ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Գահիրէ, ուր կը հիւրընկալուի Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ-Սիսիի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ էլ-Սիսի Գահիրէի մէջ կ՚ունենան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ կը գլխաւորեն ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

Գահիրէի կեցութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմէտ Ապուլ Ղէյտի, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի, Էլ Ազհարի գերագոյն իմամ շէյխ Ահմէտ Մուհամմէտ էլ-Թալիպի հետ։

Վարչապետ Փաշինեան կ՚այցելէ նաեւ Եգիպտոսի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու դաշնակցութիւն, ուր հանդիպում մը կ՚ունենայ երկրի գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024