4.9 ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ

Երէկ երեկոյեան ժամերուն Չանաքքալէի մէջ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը։ Էփիկեդրոնը կը գտնուէր քաղաքի Ենիճէ գաւառակին մէջ։ Ժամը 21.38-ին պատահեցաւ շարժը, որու սաստկութիւնը կազմեց՝ ռիխթերեան չափանիշով 4.9։

Մարմարայի եւ Եգէականի շրջաններէն ներս զգալի դարձաւ այս երկրաշարժը, որու հետեւանքով Պուրսայի մէջ դժբախտաբար մահացաւ անձ մը, որ խուճապի մատնուելով շէնքի մը երկրորդ յարկէն վար ցատկեց։

Այս կապակցութեամբ զանգուածային լրատուութեան միջոցները տեղ կու տան նաեւ մասնագէտներու կարծիքներու, ըստ որոնց՝ երէկուան երկրաշարժը որեւէ վտանգ չի յառաջացներ Իսթանպուլի պարագային։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024