ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՄՔ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով յայտ­նեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ հա­մա­ձայ­նե­ցուած են։ Ըստ ի­րեն, միջ­նորդ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան շնոր­հիւ Պա­քու եւ Ե­րե­ւան զգա­լիօ­րէն մօ­տե­ցու­ցած են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ ի­րենց դիր­քո­րո­շում­նե­րը եւ հիմ­նա­կա­նին մէջ հա­մա­ձայ­նե­ցուած են հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րը։

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան մա­մու­լէն թեր­թի մը մէջ հրա­պա­րա­կուած յօ­դուա­ծին մէջ Սէր­կէյ Լաւ­րով նշեց հե­տե­ւա­լը. «Ան­կեղ­ծօ­րէն շա­հագրգ­ռուած ենք, որ խա­ղա­ղու­թիւնն ու ան­դոր­րը վե­րա­դառ­նան տա­րած­քաշր­ջան՝ որ­պէս­զի այն­տեղ այ­լեւս մար­դիկ չզո­հուին, բա­ցուին սահ­ման­նե­րը, վերսկ­սին տնտե­սա­կան փո­խա­նա­կում­նե­րը։ Ա­սոր հա­մար հնա­րա­ւոր ա­մէն բան կ՚ը­նենք։ Կ՚ի­րա­կա­նաց­նենք մեր միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ ինչ­պէս ինք­նու­րոյն, այն­պէս ալ այլ եր­կիր­նե­րու՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­ներ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ Ֆրան­սա­յի հետ։ Միջ­նորդ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան շնոր­հիւ կող­մե­րը յա­ջո­ղած են զգա­լիօ­րէն մօ­տեց­նել շատ վի­ճե­լի նիւ­թե­րու շուրջ դիր­քո­րո­շում­նե­րը։ Հիմ­նա­կա­նին մէջ հա­մա­ձայ­նե­ցուած են կար­գա­ւոր­ման հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րը»։

Յօ­դուա­ծին մէջ Լաւ­րով շեշ­տած է, որ Ատր­պէյ­ճան եւ Հա­յաս­տան տար­բեր ձե­ւով կը տես­նեն զա­նոնք կեան­քի կո­չե­լու յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը։ «Այդ ա­ռըն­չու­թեամբ մեր խնդիրն է, որ օգ­նենք կող­մե­րուն՝ գտնել առ­կայ մշա­կում­նե­րու հի­ման վրայ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած ո­րո­շում մը», նշեց Լաւ­րով։ Բաց աս­տի, ռուս նա­խա­րա­րը յոյս յայտ­նեց, որ Պա­քու եւ Ե­րե­ւան պի­տի կա­րե­նան փո­խա­դարձ զի­ջում­նե­րու քա­ղա­քա­կան կամք ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն դրսե­ւո­րել։ «Սա անհ­րա­ժեշտ է, որ­պէս­զի բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը ըլ­լայ ար­դիւ­նա­ւէտ։ Ի հար­կէ, յա­ռաջ­խա­ղաց­ման կա­րե­ւոր պայ­ման­ներ կը մնան հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս լա­րուա­ծու­թեան ընդ­հա­նուր նուա­զե­ցու­մը եւ ա­նոր լուծ­ման ու­ժա­յին փոր­ձե­րէն հրա­ժա­րու­մը։ Իր հեր­թին, Ռու­սաս­տան պատ­րաստ է ա­ջակ­ցիլ խնդրի լուծ­ման տար­բե­րա­կին, որ ըն­դու­նե­լի կ՚ըլ­լայ ներգ­րա­ւուած բո­լոր կող­մե­րուն հա­մար, իսկ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թեան ա­պա­հով­ման պա­րա­գա­յին՝ միւս միջ­նորդ­նե­րուն հետ ռու­սա­կան կող­մը հան­դէս կու գայ որ­պէս կար­գա­ւոր­ման ե­րաշ­խա­ւոր», ընդգ­ծեց ռուս նա­խա­րա­րը։

Բաց աս­տի, Սէր­կէյ Լաւ­րով վեր­ջին օ­րե­րուն «Նո­վո­յէ Վրե­միա» թեր­թին յայ­տա­րա­րած էր, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ մնա­ցած են ա­ւե­լի բարդ քա­նի մը հար­ցեր։ Ռու­սաս­տան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ այս հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին։ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրան­սա­յի հետ ռու­սա­կան կող­մը կը նպաս­տէ հաս­նիլ հա­կա­մար­տու­թեան կա­յուն յաղ­թա­հար­ման։ «Շատ հար­ցե­րու շուրջ կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ հա­մա­ձայ­նու­թեան գալ։ Մնա­ցած են քա­նի մը հար­ցեր, թէեւ ա­ւե­լի բարդ հար­ցե­րը։ Սա­կայն ակն­յայտ է, որ աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քը ա­ռա­ջին հեր­թին կա­խուած է կող­մե­րու քա­ղա­քա­կան կամ­քէն, ա­նոնց ճկու­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թե­նէն եւ փոխ­զի­ջու­մի ո­րո­շում առ­նե­լէն», ը­սաւ ան։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2017