ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԶԱՐԵՀ ՍԻՆԱՆԵԱՆ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգէն ներս, Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ, Զարեհ Սինանեան վերընտրուեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Կլենտէյլ Լոս Անճելըսէ ներս ամենահոծ բնակչութեամբ կեդրոններէն մին կը հանդիսանայ։

Զարեհ Սինանեան, որ անցեալ շրջանին կը վարէր այդ պաշտօնը, յառաջիկայ պաշտօնավարման ժամկէտով պիտի մնայ քաղաքապետ։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018