ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ 115-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՎԱԼԵԹԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀՆՉԵՆ ՄԵԾ ՅՕՐԻՆՈՂԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԳՈՐԾԵՐԸ

Եւրոպայի մշակութային մայրաքաղաք հռչակուած Վալեթայի մէջ, Ապրիլի 15-30 թուականներու միջեւ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մշակոյթի օրեր, որու շրջանակէն ներս կ՚իրականացուի համերգ մը՝ նուիրուած Արամ Խաչատուրեանի յոբելեանին: Այդ օրերուն տեղի կ՚ունենայ նաեւ Մալթայի միջազգային երաժշտական փառատօնը, որուն պաշտօնական նուագախումբը Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբն է: Այս առթիւ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցը՝ Անժելա Համբարձումեան զրուցած է նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեանի հետ:

«Նախապէս որպէս պաշտօնական նուագախումբ հանդէս եկած ենք իտալական «Մուզիքա ռիվա», Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող «Ալ Պուսթան» փառատօններու մէջ: Այս տարի Մալթայի փառատօնը ամենասպասուած եւ ամենամեծ երաժշտական միջոցառումն է Եւրոպայի մէջ: Այն հանգամանքը, որ միայն մենք ենք այդ իրադարձութեան պաշտօնական նուագախումբը, մեծ ձեռքբերում է մեզի համար», նշեց Սերկէյ Սմբատեան:

Ան ընդգծեց, որ համագործակցած են ամբողջ աշխարհի մէջ լայն ճանաչում ունեցող դասական երաժշտարուեստի մեծանուններու հետ. օրինակ՝ Մաքսիմ Վենկերով, Սալվատորէ Աքքարտօ, Անտրէաս Օթթենսամէր, Նիքոլայ Լուկանսքի, Ռէյ Չէն, Տէօնիս Քոժուխին եւ այլք: Խմբավարի խօսքով՝ այս մեծագոյն նախագիծը նուագախումբի համար առաւել ճանաչելի դառնալու լուրջ ազդակ է: Փառատօնի հիւրերն են Քշիշթոֆ Պենտերեցքի եւ Կիա Քանչելի։

Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը փառատօնի ընթացքին տասնըերեք համերգ կ՚ունենայ ինչպէս Սերկէյ Սմբատեանի, այնպէս ալ յայտնի խմբավարներ Տմիթրի Սիթքովեցքիի եւ Սերկէյ Սթատլերի ղեկավարութեամբ:

Համերգները տեղի կ՚ունենան Վալեթայի Mediterranean Conference Centre-ի մէջ: Ան Վալեթայի հին եւ պատմական շէնքերու շարքին կառուցուած իւրայատուկ վայր մըն է, որ ունի հարուստ պատմութիւն, լաւ մթնոլորտ, հրաշալի աքուսթիք:

«Ըստ իս՝ նման երաժիշտներու հետ համագործակցութիւնը եւ այդ պերճատեսիլ դահլիճին մէջ հանդէս գալը մեր նուագախումբի համար շատ արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ: Մենք բաւականին ծանրաբեռնուած կ՚աշխատինք. ամէն օր համերգային ծրագիր կայ, բայց սիրով կ՚ընենք մեր գործը, քանի որ կը գիտակցինք, թէ սա մեր տասներկու տարուան գործունէութեան ընթացքին իրականացուող ամենամեծ նախագիծն է, որուն մէջ նուագախումբը ընդգրկուած է: Նկատի ունիմ ոչ միայն անոր բազմազան կտաւը, այլեւ ձեւաչափը, բազմազան ծրագրերը», ըսաւ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավարը:

Փառատօնի ծրագրով տեղի կ՚ունենան առանձին համերգներ՝ նուիրուած Փիոթր Չայքովսքիին, Սերկէյ Ռախմանինովին եւ Կիա Քանչելիին:

Ապրիլի 18-ին Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակի կապակցութեամբ իրականացուելիք համերգին Մալթայի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ կը հնչեցնէ Խաչատուրեանի Ջութակի քոնչերթոն, հատուածներ «Գայանէ» պալէէն, «Դիմակահանդէս» սուիթը:

«Այդ օրերուն փառատօնը կը լուսաբանեն աշխարհի յառաջատար զանգուածային լրատուամիջոցները: Մեր համերգները կը հեռարձակուին Ապրիլի 22-23-ին «Medici.tv»ով, իսկ մնացեալ ծրագրերը կը ցուցադրուին Մալթայի հանրային հեռուստատեսութեամբ: Մայիսի 1-ի համերգը կը հեռարձակէ Euronews հեռուստաալիքը։ Միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցները լայնօրէն կը լուսաբանեն փառատօնը եւ մեր համերգները» ըսաւ ան։

Սմբատեան աւելի քան վստահ է, որ նուագախումբը հետաքրքրական եւ լաւ առաջարկներ կը ստանայ փառատօնէն յետոյ, իսկ երբ վերադառնայ հայրենիք, կը մասնակցի Արամ Խաչատուրեանի անուան միջազգային մրցոյթին՝ որպէս պաշտօնական նուագախումբ: Այնուհետեւ կը սկսի նոր համերգաշրջանը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018