ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԿՐԿՆՈՒԹԻՒՆ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութիւն պիտի չհաստատուի՝ որքան ատեն որ վերջ չգտնէ իր երկրի տարածքներուն բռնագրաւումը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չհամաձայնեցման շարժման նախարարաց խորհրդաժողովը այս առաւօտ սկսաւ Պաքուի մէջ։ Իլհամ Ալիեւ այս առթիւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ Պաքուի համագումարներու կեդրոնէն ներս, ուր տեղի ունեցաւ նախարարներու ժողովը։ Ատրպէյճանի ղեկավարը այս առթիւ յայտնեց, որ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութիւն պիտի չհաստատուի՝ որքան ատեն որ վերջ չգտնէ իր երկրի տարածքներուն Հայաստանի կողմէ բռնագրաւումը։ Ան հերթական անգամ յիշեցուց աւելի քան մէկ միլիոն ատրպէյճանցիի տեղահանուած ըլլալը։ Անդրադառնալով Խոճալուի դէպքերուն՝ Ալիեւ պնդեց, որ անոնք կը համարուին մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն։ «Այժմ բռնագրաւումը կը շարունակուի։ Հակառակ միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումներուն, Հայաստան կը տեւականացնէ բռնագրաւումը։ Որքան ատեն որ բռնագրաւումը շարունակուի՝ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութիւն պիտի չհաստատուի», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ Հայաստանի բնակչութեան 99 տոկոսը կը բաղկանայ հայերէ։ Պատճառը այն է, որ Հայաստանի մէջ այլ ազգութիւններու դէմ կատարուած է էթնիք մաքրութիւն։ Իր խօսքերով, Ատրպէյճան միջազգային երկխօսութեան եւ բազմամշակութայնութեան կեդրոններէն մին է։ «Մենք կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ խաղաղութեան ու համագործակցութեան կողմնակից ենք», աւելցուց Ալիեւ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018