ՈՒԺԵՐՈՒ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄ

Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներուն եռակողմանի գագաթաժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս առթիւ Պեշթեփէի համալիրին մէջ հիւրընկալեց իր ռուս եւ իրանցի պաշտօնակիցները՝ Վլատիմիր Փութինն ու Հասան Ռուհանին։ Եռակողմանի գագաթաժողովին ժամանակ Էրտողան, Փութին եւ Ռուհանի առաջնահերթօրէն քննարկեցին Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ տարածքաշրջանի ընդհանուր վիճակը։ Անգարայի, Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ գոյացած է ընդհանուր փոխըմբռնում մը՝ ուժերու միաւորումով ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար։ Երէկուան գագաթաժողովէն վերջ մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ նաեւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

Գագաթաժողովի աւարտին կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան ընդգծեց, որ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը կախեալ է՝ բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ հաւասար հեռաւորութեան վրայ մնալէ։ Ըստ Էրտողանի, ԻՇԻՊ-ն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ու ՓԵՏ-ԵՓԿ-ն կը ծառայեն նոյն նպատակին։ «Այս երկու կազմակերպութիւնները դաշտի վրայ այնպէս կը ձեւացնեն, թէ բախում կ՚ունենան իրարու հետ, սակայն իրականութեան մէջ զիրար կը սնեն, իրարու կ՚աջակցին եւ կ՚առաջնորդուին այնպիսի հասկացութիւնով մը, որով ճանապարհ կը հարթեն իրարու առջեւ», ըսաւ նախագահը։

Իր կարգին, Փութինն ալ յայտարարեց, որ այս երեք երկիրները պիտի միացնեն իրենց ջանքերը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ։ Անոնք պիտի կեդրոնանան նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւններու վրայ։ Ռուս ղեկավարը փափաք յայտնեց, որ մարդասիրական օժանդակութեան հարցին շուրջ մնացեալ երկիրներն ալ պէտք է բերեն իրենց նպաստը։ Արդարեւ, այս երեք երկիրներէն զատ որեւէ երկիր չ՚առներ որեւէ քայլ։

Հասան Ռուհանին ալ Անգարայի մէջ յայտնեց. «Մենք պէտք է նպաստենք Սուրիոյ ապագայի ձեւաւորման»։

Եռակողմանի գագաթաժողովի աւարտին հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ ալ ընդգծուեցան Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, մշտական հրադադարի մը սպասումը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրաստակամութիւնը։ Էրտողան ընդգծեց, որ երէկ կատարուած խորհրդակցութիւնները լոյս պիտի սփռեն յառաջիկայ շրջանի իրադարձութիւններուն վրայ։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018