ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՕՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ. ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Այսօր Վատիկանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը մասնակցութիւն կը բերէ այս արարողութեան։ Սերժ Սարգսեան Վատիկան կը մեկնի պաշտօնական այցելութեամբ։ Բացի Ֆրանսիսքոս Ա. Պապէն, ան կը հիւրընկալուի Ս. Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի կողմէ։ Վատիկանի մէջ, Ս. Պետրոսի Մայր Տաճարի երդիքին տակ, արձանի բացումէն վերջ տեղի կ՚ունենայ միջեկեղեցական արարողութիւն։ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը կը մասնակցին այս արարողութեան։ Անշուշտ, ներկայ կ՚ըլլայ նաեւ նախագահ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։

Դէպի Ս. Աթոռ պաշտօնական այցելութիւնը աւարտելէ վերջ, Սերժ Սարգսեան Հռոմի մէջ կ՚ունենայ շփումներ՝ աշխատանքային այցելութեան ձեւաչափով։ Այս ծիրին մէջ նախատեսուած են իր հանդիպումները՝ Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի, Ծերակոյտի նախագահ Մարիա Էլիզապեթթա Քազելաթիի եւ Երեսփոխանական պալատի նախագահ Ռոպերթօ Ֆիկոյի հետ։

Մինչեւ 6 Ապրիլ պիտի շարունակուին Սերժ Սարգսեանի շփումները, որոնց ծիրէն ներս ան հանդիպում մը պիտի ունենայ Մալթայի ինքնիշխան մարտական ուխտի մեծ վարպետի տեղապահ Ֆրա Ճաքոմօ տալլա Թորէ տել Թեմփիօ տի Սանկուինեթոյի հետ։ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Երուսաղէմի Ս. Յովհաննէսի, Հռոդոսի եւ Մալթայի ինքնիշխան մարտական բարեկամ ուխտի միջեւ պիտի ստորագրուի համագործակցութեան համաձայնագիր մը։ Նախագահ Սարգսեան եւ Տի Սանկուինեթօ այս առթիւ յայտարարութիւններով հանդէս պիտի գան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018