ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂ ՎԱՀԷ ՏԷՐ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԵՑ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ԳԻՐՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ֆրանսահայ լրագրող Վահէ Տէր-Մինասեան վերջերս հրատարակած է իր անդրանիկ գիրքը։ L'Harmattan յայտնի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է այս գործը, որ կը կոչուի՝ «Հայաստան. երրորդ Հանրապետութեան ժամանակագրութիւն»։ Վահէ Տէր-Մինասեան երկար ժամանակէ ի վեր կ՚աշխատակցի ֆրանսական եւ զուիցերական մամուլէն հեղինակաւոր թերթերու։ Ի լրումն այս բոլորին, ան կը գրէ նաեւ «Ֆրանս-Արմենի» ֆրանսահայ ամսագրին համար։

Վահէ Տէր-Մինասեան անկախ լրագրող մըն է եւ այս գիրքը հատընտիրն է 2002-2017 թուականներուն իր կողմէ «Ֆրանս-Արմենի» պարբերականին մէջ գրի առնուած հարցազրոյցներուն։ Տուեալ ժամանակաշրջանին ան վերոյիշեալ պարբերաթերթին կողմէ այցելած է Հայաստան, Արցախ, Թուրքիա, Վրաստան, Լիբանան եւ եւրոպական այլ մեծ քաղաքներ։ Իր դիտարկումով, 1991 թուականի անկախութենէն ի վեր Հայաստան ունի ապասովետականացման փորձառութիւն մը՝ իւրայատուկ ամբողջի մը մէջ։ Այդ իւրայատկութիւնները, ըստ իրեն, պայմանաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան, Ռուսաստանի ճնշումներով եւ Եւրոմիութիւնով։ Տէր-Մինասեանի գիրքին մէջ ամփոփուած հարցազրոյցները կը ցոլացնեն նոյնպէս ինքնուրոյն բացայայտումներ՝ սահմանային հարցերու, հայ-թրքական յարաբերութիւններու, հայկական սփիւռքի յանձնառութիւններուն եւ համաշխարհայնացման ժամանակաշրջանի մէջ Հայաստանի ժողովրդավարութեան փորձերուն մասին։ Ան իր ուշադրութենէն դուրս չէ թողած նաեւ Սուրիոյ հայոց հարցերը։

Վահէ Տէր-Մինասեանի համոզմամբ, 2002-2017 թուականներու ժամանակաշրջանը առանցքային կը համարուի Հայաստանի եւ տարածքաշրջանի տեսակէտէ։ Եթէ 1991 թուականէն մինչեւ 2002 թուականը եղած էր անկախութիւնով եւ պետականաշինութիւնով պայմանաւորուած փուլ մը, ապա անոր յաջորդած երկրորդ փուլի առանցքը կազմած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցը։ Եթէ առաջին փուլին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնն էր հրատապ հարցը, ապա երկրորդ փուլին անոր վրայ աւելցան նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները։ 2002 թուկանին Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ եկաւ ԱՔ կուսակցութիւնը, որու գլուխը կը գտնուէր Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Յաջորդած ժամանակաշրջանին երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուեցան յայտնի արձանագրութիւնները, իսկ 2017 թուականի վերջաւորութեան Հայաստան պաշտօնապէս յայտարարեց զանոնք առ ոչինչ հռչակելու մասին։ Տէր-Մինասեանի գիրքի կառուցուածքին մէջ սա կը բնորոշէ հանգրուան մը։ Գործի կեդրոնացած ժամանակաշրջանի եզրափակիչ փուլին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուեցաւ համապարփակ համագործակցութեան ուղղեալ գործունէութեան յայտնի փաստաթուղթը։

Այս տեսակաւոր օրակարգի լաբիւրինթոսին մէջ Վահէ Տէր-Մինասեան ընթերցողները կ՚առաջնորդէ հետաքրքրական շրջայցի մը եւ ինք ստանձնած է վարպետ ուղեցոյցի մը դերը։ Ան յստակօրէն կը մատնանշէ այդ նիւթերու ինչպէս համընկնող, այնպէս ալ տարբերուող երեսակները։ Աւելի՛ն. Վահէ Տէր-Մինասեան վարպետութիւն ցոյց տուած է նաեւ ընտրելու ժամանակ իր զրուցակիցները, որոնց տեսակէտները յաւելեալ խորութիւն ապահոված են իր գործին։ Իր զրուցակիցներու շարքին գտնուած են նաեւ Թուրքիայէն եւ թրքահայ համայնքէն դէմքեր. օրինակ՝ մտաւորական Ահմէտ Ինսէլ, գործարար Նոյան Սոյաք, Կարսի նախկին քաղաքապետ Նայիֆ Ալիպէյօղլու, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, հանգուցեալ Սարգիս Սերովբեան եւ այլք։

Վահէ Տէր-Մինասեան Հայաստանի մասին գիրք հրատարակած սփիւռքահայ սակաւաթիւ լրագրողներու շարքը եկած է համալրել իր այս գործով։ Իրականութեան մէջ, իր կողմէ Հայաստանի մասին գիրքի մը հրատարակուիլը ունի նաեւ խորհրդանշական մեծ իմաստ։ Արդարեւ, որպէս անհատ իր լրագրական հեղինակութեան առընթեր, Վահէ Տէր-Մինասեան կրողն է ընտանեկան ուրոյն ժառանգութեան ու ծով պաշարի։ Ան որդին է ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Փրոֆ. Անահիտ Տէր-Մինասեանի ու թոռը՝ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան տիրական պետական գործիչներէն Ռուբէն Տէր-Մինասեանի։ Այսինքն ան հասած է խոր աւանդութիւններով ընտանիքի մը միջավայրին մէջ եւ այդ հանգամանքը կը պայմանաւորէ հայութեան վերաբերեալ հարցերու մասին իր լրագրական հոտառութիւնը։

«Ես տարբեր տեսանկիւններէ կը վերլուծեմ հայկական անլոյծ հարցերը։ Ինծի համար գործընթացը կարեւոր է եւ ոչ թէ անձերը։ Թէ ո՞վ պիտի ըլլայ Հայաստանի նախագահը կամ վարչապետը՝ զիս այնքան ալ չի հետաքրքրեր։ Սակայն քաղաքական կուսակցութիւններու կեցուածքը զիս կը հետաքրքրէ։ Գրութիւններուս մէջ ընդհանրապէս կը խօսիմ հայկական աշխարհին մասին։ Հաւատացած եմ, որ եթէ այսօր հայութեան ձայնը լսելի է միջազգային հարթակներու վրայ, պատճառը հայկական պետութեան գոյութիւնն է, ինչ որ ըստ իս, մեծ ուժ մըն է մեզի համար։ Հայաստանի վերջին 15-20 տարիներու փոփոխութիւններու մասին են հարցադրումներս, որոնք տարբեր են անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին կրկնուած պատմութենէն», ըսած է Վահէ Տէր-Մինասեան գիրքի հրատարակութեան առթիւ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ։

Վահէ Տէր-Մինասեանի ֆրանսերէն գիրքը վաճառքի դրուած է Ֆրանսայի յառաջատար գրախանութներուն մէջ։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018