«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆԷՆ ԵՐԵՔ ՆՈՐ ՈՒ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐ

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երեք հետաքրքրական նոր գիրքեր, որոնց բոլորն ալ արժէք կը ներկայացնեն իրենց վերաբերած նիւթին, պատկանած բնագաւառին տեսակէտէ։

Այդ գիրքերէն առաջինը կը կոչուի «Կավռօշ-նամէ» որու հեղինակն է Երուանդ Թօլայեան։ Հենրիկ եւ Արծուի Բախչինեաններու աշխատասիրութեան հիման վրայ այս գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։ Երուանդ Թօլայեանի թատերա-խմբագրական յիշողութիւնները կը պարփակէ այս գիրքը՝ խառնուած ինքնակենսագրականով։ 1900-1935 թուականներու ժամանակաշրջանը կ՚ընդգրկէ այս գործը։ Խմբագիր ու դերասան Երուանդ Թօլայեանի յուշագրութիւնը 1930-ական թուականներու երկրորդ կէսին Երեւանի մէջ ամփոփուած է 12 հատորներու մէջ։ Այժմ այդ բոլորը բոլորովին նոր ձեւով ու նոր չափումներով կը մատուցուի ընթերցողին։ Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ Սարգիս Քիւլէկէչի եւ ձօնուած է իր լուսահոգի կողակցին՝ Էմմա Քիւլէկէչի յիշատակին։

«Արաս»ի կողմէ հրատարակուած երկրորդ գիրքը ինքնատիպ ոճով գործ մըն է։ Սա Ֆարիտ Պուճելլալի «Հայ մեծ-ման» անուն գործն է, որու թէ՛ հայերէնը հրատարակուած է եւ թէ թրքերէնը՝ «Ermeni Ni-nem» անունով։ Գործը ընթերցողին մատուցուած է գծանկարներով ալպոմի մը ձեւաչափին մէջ։

«Արաս»ի կողմէ հրատարակուած երրորդ գիրքի հեղինակն է իրաւաբան Ռիթա Էնտէր եւ կը կոչուի «Madam Amati»։ Այս գիրքը կը ցոլացնէ շատ հետաքրքրական կեանքի պատմութիւն մը։ 1902 թուականին Աւստրա-հունգարական կայսրութեան տարածքէն ներս ծնած ջութակահարուհի Մարթա Ամաթիի ոդիսականը կը ցոլացնէ գործը։ Մարթա Ամաթի իր ծննդեան յաջորդած տասնամեակներուն Եւրոպան գերեվարած իրադարձութիւններու հետեւանքով կը հասնի Զմիւռնիա եւ այնտեղ կը կերտէ նոր կեանք մը։ Ռիթա Էնտէրն ալ այդ կեանքի հետքերը հետապնդած է արխիւային ուսումնասիրութիւններով եւ այդպէսով հեղինակած՝ այս գործը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019