ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Այսօր Պրիւքսէլի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հանդիպումը։ Եռակողմանի այս ժամադրութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնէ օրակարգը՝ մինչ շահագրգիռ կողմերը կը բարձրաձայնեն իրենց մտադրութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն մասին։

Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ, այսօրուան հանդիպման ընդառաջ Էնթընի Պլինքըն հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ։ Թուրքիա արդէն վերապահութիւն կը դրսեւորէ այսօրուան եռակողմանի տեսակցութեան կապակցութեամբ՝ Ատրպէյճանի որդեգրած ընթացքին հետ զուգահեռաբար։ Անգարա երէկ դատապարտեց Պրիւքսէլի մէջ կազմակերպուած տեսակցութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, ըստ որու՝ Պրիւքսէլի այսօրուան հանդիպումը կը հակասէ չէզոքութեան սկզբունքներուն։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ տարածաշրջանէ դուրս կողմերը տարածաշրջանի գործընթացներուն պէտք է մօտենան՝ զգուշօրէն խուսափելով գործընթացները խոչընդոտելէ։ Անգարա նշած է, որ պիտի շարունակէ խրախուսել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատուիլը։

Իր կարգին, Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Նախօրէին Պլինքընն ալ զրուցած էր Ալիեւի հետ, որ երկար ժամանակէ ի վեր անհանգստութիւն կ՚արտայայտէ այսօրուան հանդիպման կապակցութեամբ՝ մանաւանդ կը շեշտէ, որ տեսակցութիւնը տարածաշրջանէն ներս նոր լարուածութիւն կրնայ հրահրել։

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճան պէտք է համաձայնի, որպէսզի սահմանազատումը տեղի ունենայ Ալմա-Աթայի հռչակագրին հիման վրայ։ Փոխ-նախարարը դիտել տուաւ, որ Պրիւքսէլի այսօրուան եռակողմանի հանդիպման օրակարգը առաւել չափով կը վերաբերի տնտեսական ու մարդասիրական հարցերու։ Տաւուշի կարգ մը սահմանամերձ գիւղերու Ատրպէյճանի վերադարձի խնդրին ալ անդրադարձաւ բարձրաստիճան դիւանագէտը, որու խօսքով՝ այդ գիւղերու յանձնուելուն վերաբերեալ տակաւին յստակ ժամկէտներ չեն ճշդուած։ Ի լրումն այս բոլորին, Վահան Կոստանեան արձագանգեց նաեւ Ռուսաստանէն վերջին օրերուն հնչած յայտարարութիւններուն։ «Հայաստան ոեւէ մէկուն գործիքը ըլլալու չի պատրաստուիր», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ երէկ յայտարարեց, որ Պրիւքսէլի այսօրուան տեսակցութիւնը իրադարձութիւն մըն է, որ իսկապէս կրնայ փոխել Եւրոպական Միութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն որակը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024