ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄՕՏ ԱՄՆ-Ի ԴԵՍՊԱՆԸ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պեսս յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առկայ խնդիրը կեդրոնացած է միակ օրուան մը վրայ, սակայն կարեւորը անոր լուծուիլն է։ Երէկ, Դիւանագիտական թղթակիցներու միութեան անդամ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ամերիկացի դեսպանը կարծիքներ արտայայտած է Թուրքիոյ օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի հաղորդումներով, ան խօսած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ։ «Կարեւոր է, որ բոլորս տարուան միւս օրերուն ընթացքին ալ պէտք է մտածենք, թէ ի՛նչեր կարելի է ընել։ 1915-ին ապրուածներուն մասին բացայայտօրէն խօսիլը կարեւոր նպաստ մը պիտի ապահովէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն համար», ըսած է Ճոն Պեսս։