ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԳԱՆԱՏԱ ԱՅՑԸ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս այցելեց Գանատա, ուր մասնակցեցաւ 2015-ի շրջագծով նախատեսուած շարք մը ոգեկոչման արարողութիւններու, նաեւ շփումներ ունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի շրջանակներուն հետ։ 2015-ի ոգեկոչումներու տեղական յանձնախումբին հրաւէրով տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Մոնրէալի քաղաքապետ Տենի Կոտէրի կողմէ։
Իր կեցութեան օրերուն Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց Մոնրէալի «Սուրբ Յակոբ» եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ հովանա-ւորուած «Ալէք Մանուկեան» վարժարանները։ Բարեդէպ զուգադիպութեամբ ան ներկայ գտնուեցաւ «Ալէք Մանուկեան» վարժարանի 45-ամեակին ձօնուած յոբելենական արարողութեան։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ նաեւ յոբելեանին առթիւ կազմակերպուած առանձին մշակութային միջոցառման ընթացքին։
Ուղեւորութեան շրջագծով Հրանոյշ Յակոբեան մէկտեղուեցաւ նաեւ Գանատայի Քաղաքացիութեան եւ ներգաղթեալներու նախարար Քրիս Ալեքսանտրի հետ։