ՅՍՏԱԿ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտարարեց, որ Երեւանի կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնը կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս։ Ան երեսփոխաններուն ներկայացաւ կառավարութեան ծրագրի կատարողականի վերաբերեալ լսումներու ծիրէն ներս։ Ուստի, Մնացականեան խորհրդարանէ ներս խօսեցաւ անցեալ տարի հայկական դիւանագիտութեան կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան մասնաւորապէս կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ ու բնականաբար խօսեցաւ նաեւ ամենավերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։

«Հայաստան յստակօրէն սահմանած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման իր մօտեցումները», ըսաւ Զօհրապ Մնացականեան եւ աւելցուց, որ այս նպատակով Երեւան շարունակած է սերտօրէն համագործակցիլ միջազգային միջնորդներուն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ, հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումը եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումներ։ Անցեալ տարուան ընթացքին հնարաւոր եղած է համաձայնութեան հասնիլ՝ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու եւ խաղաղութեան տեսակէտէ բարենպաստ միջավայր ստեղծելու ուղղեալ երկու նախաձեռնութեան շուրջ։ Այս ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի լրագրողներու փոխանակման այցելութիւնը։ Ըստ Մնացականեանի, տարուան ընթացքին սերտ համագործակցութիւն ծաւալուած է Հայաստանի եւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ՝ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ զանազան մակարդակներով պարբերական խորհրդակցութիւններու ձեւով։

Երեսփոխաններու հետ զրուցելու ժամանակ Մնացականեան շեշտեց, թէ Հայաստան յստակ կերպով սահմանած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման իր մօտեցումները, որոնք արտայայտուած են բազմաթիւ առիթներով՝ ներառեալ նախորդ տարի Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովը։ Արդեօք մտավախութիւն չկա՞յ, թէ հայկական կողմին բան մը կը պարտադրուի։ Ի պատասխան այս հարցման՝ Զօհրապ Մնացականեան հաստատեց, որ սպառնալիքներու լեզուն չի գործեր բանակցային գործընթացէն ներս։ «Ես՝ որպէս կառավարութեան անդամ, լիազօրութիւն ունիմ այդ աշխատանքը տանելու։ Մեր կառավարութեան ղեկավարն է վարչապետը, որ ունի ժողովուրդի կողմէ լիազօրութիւն եւ այսպէսով մենք կ՚առաջնորդուինք, երբ կը ներգրաւուինք բանակցութիւններու մէջ։ Մենք չենք կրնար ստեղծել իրավիճակ մը, երբ մեզի համար, մեր ազգային շահերուն համար կը ստեղծուի վտանգ, կը ստեղծուի անընդունելի իրավիճակ», նշեց Մնացականեան եւ աւելցուց, որ այժմ այնպիսի փուլ մըն է, որ պէտք է ուղղակի սպասել եւ պահպանել կայունութիւնը։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի վերջին յայտնի յայտարարութիւններուն, որոնք մեծ աղմուկի պատճառ դարձան։ Լաւրովի յարաբերութիւնները կը վերաբերէին թէ՛ ղարաբաղեան հիմնախնդրին եւ թէ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն։ Արդարեւ, Մոսկուա ընթացք չէ տուած Երեւանի ակնկալութեան՝ բնական կազի սակագինը զեղչելու ուղղութեամբ։ Բաց աստի, Հայաստանի մէջ այս շրջանին ռուսական դրամագլուխով զանազան ընկերութիւններէ ներս ապօրինութիւններու մեղադրանքով հարցաքննութիւններ յառաջ կը տարուին դատական իշխանութիւններու կողմէ։ Այս բոլորը Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ հարցականներու ծնունդ տուած է։ Զօհրապ Մնացականեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ այս բոլորին կապակցութեամբ ըսաւ.

«Մենք Ռուսաստանի հետ ունինք դաշնակցային յարաբերութիւններ, որոնց օրակարգը չափազանց ընդարձակ է, որոնց մէջ մենք ունինք հարցեր։ Եթէ չունենանք այդ հարցերը, ուրեմն աւելի խորքային խնդիր մը կայ։ Ունինք խնդիրներ, որոնք երկու դաշնակից, բարեկամ երկիրները իրարու հետ կը քննարկեն։ Մենք, յամենայնդէպս, տրամադրուած ենք նոյն ոգիով՝ ինչպէս վերջին երկու տարիները, նոյն վճռականութեամբ շարունակելու համար աշխատանքը։ Կազի հարցը մեզի համար չափազանց էական նշանակութիւն ունի եւ պիտի շարունակենք քննարկել»։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020