«Արփա» Հիմնարկի 25-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով Եւ Ճաշկերոյթ

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի համար վերլուծութեանց, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկին, Շաբաթ, Յուլիսի 15-ին, Կլենտէյլի «Սիվիք Սենթըր»ի սրահին մէջ, Գալիֆորնիա, Միացեալ Նահանգներ, տեղի պիտի ունենան «Արփա» հիմնարկի 25-ամեակին նուիրուած գիտաժողով եւ ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւն։

«Լիազօրել, նորարել, ձեւափոխել» ընդհանուր խորագրին տակ կայանալիք երկու ձեռնարկներէն առաջինը՝ «Հայերն ու Հայաստանը 21-րդ դարուն. Երկարամեայ զարգացման ռազմավարութիւն» խորագրեալ գիտաժողովն է, որ պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10-ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5-ը։

Ընթացքին, բարի գալուստի խօսքեր պիտի արտասանուին հիմնարկի նախագահ Տքթ. Յակոբ Փանոսեանի եւ գիտաժողովի ատենապետ Տքթ. Միհրան Աղպապեանի կողմէ, ապա իբրեւ գլխաւոր բանախօս՝ ելոյթ պիտի ունենայ Տքթ. Երուանդ Զօրեան, կեդրոնանալով յատկապէս Հայաստանի մէջ արդի արհեստագիտութեան զարգացման վրայ։

Կէսօրէ առաջ ժամը 11.15-ին սկսող եւ «Հայաստան» խորագրուած առաջին նիստը պիտի քննէ Հայաստանի տնտեսութեան բարգաւաճման կարելիութիւնները։ Նիստի ատենապետն է Տքթ. Քարլա Կարապետեան, իսկ անոր ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան Տքթ. Քինկ Բանեան, Տքթ. Տէյվիտ Ճուլֆայեան եւ Տքթ. Թաթուլ Մանասէրեան։ Քննարկումին պիտի մասնակցին նաեւ Տքթ. Արա Խանճեան եւ Մարք Շէնեան։

Կէսօրէ ետք ժամը 2.30-ին սկսող եւ «Հայաստան-Սփիւռք» խորագրուած երկրորդ նիստը պիտի քննէ Հայաստան-Սփիւռք կապերը՝ ընկերաքաղաքական զարգացումներու պարունակէն ներս։ Նիստի ատենապետն է Տքթ. Յասմիկ Պարան, իսկ անոր ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան Տքթ. Ռազմիկ Շիրինեան, Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան եւ Տքթ. Իրինա Ղափլեանեան։ Քննարկումին պիտի մասնակցին իրաւաբան Էտկար Մարտիրոսեան եւ Տքթ. Քարլա Կարապետեան։

Երկու նիստերու աւարտին նախատեսուած է հարցում-պատասխանի բաժին մը։

Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, նոյն սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ 25-ամեակի տօնակատարութիւնը, որուն հասոյթէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ «նենօ» (գերփոքրածաւալ) արհեստագիտութեան նուիրուած կեդրոն հիմնելու ծրագրին, որուն նպատակն է զարկ տալ երկրին մէջ դեղագործական, բժշկական եւ գիտական այլ մարզերու նորարարութեանց։

Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ հովանաւորելու կարելիութեանց ծանօթանալու համար, դիմել (818) 453-0618 թիւին կամ info@arpainstitute.org հասցէին։ Մինչեւ Յունիս 20-ը, ձեռնարկը հովանաւորելու պատրաստակամութիւն յայտնողներուն անունները կարելի պիտի ըլլայ զետեղել ձեռնարկին յատուկ գրքոյկին մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017