ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սիկմար Կապրիէլ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ։ Գերմանացի նախարարը Թուրքիա այցելութեան ընդառաջ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ Այդ մասնակցութեան ծիրէն ներս ան հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Մոսկուայի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն հետ ծաւալած քննարկումներէն վերջ Սիկմար Կապրիէլ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Ան տեղեկացուց, որ ռուսական կողմին հետ քննարկած է Ուքրայնոյ ճգնաժամը։ Սիկմար Կապրիէլ միեւնոյն ժամանակ խօսեցաւ Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխին շուրջ երկու երկիրներուն միջեւ յառաջացած բարդ կացութեան առընչութեամբ։

«Պլումպերկ»ի հաղորդումներով, գերմանացի նախարարը յայտնեց, որ ճանապարհներ կ՚որոնեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար։ Միայն ու միայն գերմանացի խորհրդարանականներու համար Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը այցելելու հնարաւորութեան ընձեռումը դեր պիտի խաղայ այս ուղղութեամբ։ «Մեզի համար անընդունելի է, որ խորհրդարանականները չկրնան այցելել այն գերմանացի զինուորներուն, որոնք կը պաշտօնավարեն արտասահմանի մէջ», ըսաւ Սիկմար Կապրիէլ։

Իր յայտարարութիւններու տեւողութեան գերմանացի նախարարը շեշտեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ Ինճիրլիքի առընթեր կան նաեւ ուրիշ խնդիրներ։ Իր խօսքերով, բազմաթիւ նիւթեր կան, որոնք լարուածութիւն կը յառաջացնեն Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ։ Այս շարքին մաս կը կազմէ գերմանացի լրագրողներուն ձերբակալումը։ «Միւս կողմէ, տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը պիտի նպաստէ Թուրքիոյ շահերուն։ Մենք հնարաւորութիւններ կ՚որոնենք դէպի բնականոնացում քայլերու համար։ Սա է իմ այցելութեանս պատճառը», ըսաւ Սիկմար Կապրիէլ։

Գերմանացի նախարարի այսօրուան այցելութեան ընդառաջ, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ շաբաթավերջին անդրադարձաւ Անգարա-Պերլին յարաբերութիւններու ընթացքին։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ղեկավարներուն հետ իֆթարի սեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ Պինալի Եըլտըրըմ, որ կարեւոր խորհրդածութիւններ ըրաւ Գերմանիոյ հետ յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ։ Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշն ալ իր կողքին էր հաւաքոյթի ընթացքին։ Վարչապետին խօսքերով, Գերմանիա անհրաժեշտ դիրքորոշումը չէ որդեգրած ՖԵԹԷՕ-ականներուն դէմ, դրական մօտեցում ցոյց տուած է անոնց ապաստանի պահանջներուն նկատմամբ, հանդուրժողութիւն ցուցաբերած է ՓՔՔ կազմակերպութեան ահաբեկիչներուն հանդէպ, ինչ որ վնաս կը հասցնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն։ «Իրաւասուները յաճախ կ՚արտայայտուին այս բոլորին մասին։ Երկուշաբթի գերման արտաքին գործոց նախարարը պիտի գայ ու ամէն ինչ պիտի խօսինք մանրամասնօրէն։ Թէեւ Թուրքիոյ վերջնական նպատակը յարաբերութիւններու բարելաւումն է, սակայն այդ բանը չի կրնար ըլլալ միակողմանիօրէն։ Գերմանիոյ մէջ պէտք է յաղթահարէ աչալրջութիւնը», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ։

Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով Սիկմար Կապրիէլ բանակցութիւններու ընթացքին պիտի ներկայացնէ ցուցակ մը, որու վրայ արձանագրուած պիտի ըլլան անունները այն գերմանացի երեսփոխաններուն, որոնք կը փափաքին այցելել Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը։ Այս առումով Թուրքիոյ զգայնութիւնները պիտի բիւրեղանան կարգ մը յստակ կէտերու վրայ, մանաւանդ՝ վերապահութիւն պիտի արտայայտուի այն անուններու պարագային, որոնք Թուրքիոյ դէմ սուր գործունէութիւն կը ծաւալեն։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017