Բժշկական Երկշաբաթեայ Առաքելութիւն

Օրընճ Քաունթիի Մանուկներու եւ «Ս. Ճոզէֆ» հիւանդանոցներէն 32 բժիշկներէ, հիւանդապահներէ ու օգնականներէն բաղկացած պատուիրակութիւնը վերադարձած է Հայաստան կատարած երկշաբաթեայ իր առաքելութենէն։

Յատկանշական է, որ 14 երկիրներու մէջ բժշկական օժանդակութեան առաքելութիւններ իրականացուցած «Արփա» մարդասիրական կազմակերպութեան հովանիին տակ կայացած սոյն առաքելութեան մասնակցողներէն միայն չորսը հայեր էին։

Սոյն առաքելութեան նպատակը եղած է ոչ միայն հիւանդներ դարմանել եւ դեղօրայք ու սարքաւորումներ փոխանցել, այլեւ՝ կապեր հաստատել Հայաստանի հիւանդանոցներուն հետ, նպաստելու համար անոնց անձնակազմի մարզումներուն։

Առաքելութեան մասնակիցները տարբեր մասնագիտութեանց մէջ իրենց ծառայութիւնները տրամադրած են Երեւան եւ Կիւմրի գտնուող շարք մը դարմանատուներու միջոցաւ՝ կատարելով սրտաբանութեան մարզէն ներս կարգ մը գործողութիւններ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ։

Առաքելութեանց մասնակիցներու շարքին էին բժիշկներ՝ Սուփիտ Քուքրեճա, Պրայըն Փալաֆոքս, Արմէն Չալեան, Պետրոս Քոճեան, Մուսթաֆա Քեպիր, Փոլ Պեք, Գամէր Մկրտիչեան եւ Ֆիլիփ Քրուկըր։

58 վիրաբուժութիւններու կողքին, մօտաւորապէս 750 հիւանդներ առիթը ունեցած են դարմանումներ ստանալու այս առաքելութեան ընթացքին։

Հակառակ անոր որ Հայաստանի առողջապահական ներկայ վիճակին մասին գնահատում կատարելու համար, երկու շաբաթը շատ կարճ ժամանակ էր, առաքելութեան մասնակիցներուն ընդհանուր տպաւորութիւնը եղաւ այն, որ երկրի բժիշկներուն տրամադրած սպասարկութիւնները բարձրորակ են, իսկ նորարութեանց ծանօթանալու խանդավառութիւնն ու նուիրումը՝ օրինակելի։

Միւս կողմէ, նկատուած է, որ հիւանդներուն համար որակաւոր առողջապահական սպասարկութիւնները, ինչպէս նաեւ բժշկական սարքաւորումները եւ որոշ դեղերու գոյութիւնը սահմանափակ են, իսկ ծախսերը յաճախ արգելք կը հանդիսանան հարկաւոր դարմանումներու։

Պատուիրակութեան անդամներուն համար անսպասելի եղած է իրենց ցուցաբերուած հիւրընկալութիւնը. անոնք կը յայտնեն, թէ իրենց մատուցած սպասարկութիւններուն փոխարէն, ստացած են շա՛տ արժէքաւոր յիշատակներ, ինչպէս նաեւ բաւարարութեան զգացում, որ կարելի չէ արժեւորել։ Յատկապէս դժուար եղած է առաքելութեան մասնակից հայերուն բաժանումը իրենց հայրենիքէն՝ անոնց մօտակայ վերադարձը աւելի հաւանական դարձնելով։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017