ՀՐԱՏԱՊ ՅԻՇԵՑՈՒՄՆԵՐ

Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան միութիւնը (KMKD) վերջին տարիներուն ձեռնարկած աշխատանքով ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Թուրքիոյ մէջ ռիսքի ենթակայ ճարտարապետական ժառանգութեան վրայ։ 2015-2016 թուականներուն այս միութեան եւ «Անատոլու քիւլթիւր»ի նախաձեռնութեամբ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են Ատանայի, Պուրսայի, Էլազըղի, Իզմիրի, Գայսէրիի եւ Նիյտէի մէջ։ Սոյն քաղաքներէն ներս կատարուած ուսումնասիրութիւններու, փաստագրումներու եւ արժեւորումներու հիման վրայ հիմնուած է նաեւ մատենաշար մը։ Վերջերս այս մատենաշարի առաջին վեց գիրքերը լոյս տեսած են՝ իւրաքանչիւրը յատկացուած ըլլալով վերոյիշեալ քաղաքներուն։

KMKD հիմնուած է 2014 թուականին։ Սա համատեղ նախաձեռնութիւն մըն է՝ մասնակցութեամբ «Անատոլու քիւլթիւր»ի, ՀԱՅՃԱՐ-ի, Յունական վաքըֆներու միութեան, Հրէից 500-ամեակի հիմնարկի եւ «Պիրզամանլար» հրատարակչութեան։ Այս նախաձեռնութեան մասնակցութիւն բերած են նաեւ անհատներ, որոնք կ՚աշխատին զանազան բնագաւառներու մէջ եւ զգայնութիւն կը դրսեւորեն մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։ KMKD իր գործունէութիւնը յառաջ կը տանի այն մօտեցումով, թէ Անատոլուէն անցած բոլոր քաղաքակրթութիւններուն պատկանող մշակութային ժառանգութիւնը Թուրքիոյ հարստութիւնն է եւ համայն մարդկութեան մշակութային ժառանգութիւնը կը համարուի։ Այս միութիւնը անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ մանաւանդ՝ անգործածելի դարձած, անտէր, բնութեան կամ մարդոց ձեռքով աւերուած մշակութային ժառանգութիւններու ֆիզիքական առկայ կացութիւնը։ Այդ բոլորը կը փաստագրուին, առկայ խնդիրները կը ճշդուին, պատմական ուսումնասիրութիւնները կը կատարուին, ռիսքերը կ՚արժեւորուին եւ անոնց պահպանութեան համար համատեղ աշխատանք կը տարուի տեղացի կամ միջազգային մասնագէտներու հետ։ KMKD կը նախատեսէ այդ ամբողջ ժառանգութեան յաջորդ սերունդներու փոխանցման նպատակով զգայնութիւն յառաջացնել տեղական հարթութեան վրայ եւ երկրէն ներս։ Միութեան նպատակներէն մին է նաեւ ապահովել՝ որպէսզի պետական պատկան մարմինները այս ուղղութեամբ աւելի որակեալ ու ծաւալուն աշխատանքներ իրա-կանացնեն։

Վերոյիշեալ մատենաշարէն լոյս տեսած առաջին վեց գիրքերուն շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 10 յուլիսին, ժամը 18.00-ին, Խասգիւղի «Ապուտարա» սինակոկին մէջ։ Այս մատենաշարի հիմնական նպատակն է  յիշեցնել հրատապ միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ռիսքի ենթակայ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան համար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 5, 2018