ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԷՔՐԷՄ ԻՄԱՄՕՂԼՈՒԻՆ

Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին։ Դռնփակ հանդիպումէն վերջ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք նշեց, որ նորընտիր քաղաքապետին փոխանցած է իր համայնքին աղօթքը։

Իր կարգին, Իմամօղլուն ալ տեղեկացուց, որ կը նախատեսեն քաղաքապետարանէն ներս մասնաւոր բաժանմունք մը ստեղծել հաւատի վերաբերեալ նիւթերու համար։

Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք եղաւ այն առաջին կրօնական ներկայացուցիչը, որ այցելեց Իմամօղլուին։

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2019