ԱՄՆ-ԷՆ ԼՈՒՐՋ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Շարլ Միշել ընդգծեց ԵՄ-ի տեսակէտէ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման կարեւորութիւնը։ Ըստ իրեն, ԵՄ պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման, սահմանազատման եւ փոխադրութեան ու հաղորդակցութեան ուղիներու բացման ուղղութեամբ։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւ անդրադարձած է Շարլ Միշելի նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ կազմակերպուած եռակողմանի հանդիպումներու եւ այդ շրջանակներէն ներս գոյացած համաձայնութիւններու։ Ան յոյս յայտնած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման, սահմանազատման ու սահմանագծման, փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման շուրջ բանակցութիւնները կը յանգին իսկական արդիւնքներու։

Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին օրերուն քանի մը անգամ յետաձգուած էին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած հանդիպումները՝ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւի միջեւ։

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Այս վերջինը Անգարայի մէջ ալ շփումներ ունեցած էր վերջերս՝ ընդունուելով նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Երէկուան Պայրամով-Ապտուլլահիան տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պայրամով դէպի Թեհրան պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս։ Պայրամով ընդունուեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի կողմէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին շօշափուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Մինչ այդ, Թեհրանի մէջ կը նախատեսուի նաեւ եռակողմանի հանդիպում մը՝ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ։ Այս մասին յայտարարուեցաւ Պայրամով-Ապտուլլահիան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ։

Միւս կողմէ, Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կրնայ կարեւոր դեր խաղալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։ ԱՄՆ-ի Ազգային տօնին առթիւ նախագահ Ճօ Պայտընին ուղարկած շնորհաւորականին մէջ Ալիեւ ընդգծած է այն համոզումը, թէ Ուաշինկթըն կրնայ զգալի ներդրում ունենալ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման գործընթացէն ներս։ Ալիեւ այդ ակնկալութիւնը յայտնած էր՝ մատնանշելով, որ այս շրջանին բարենպաստ պայմաններ ձեւաւորուած են Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան եւ տնտեսական յառաջընթացի հաստատման տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 5, 2022