ԴԷՊԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա կը ձգտի Հայաստանի հետ շինիչ երկխօսութիւնը տեւականացնել։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու երէկ հիւրընկալեցին Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկն ու Ներքին գործոց նախարար Կերհարտ Քարնէրը։ Բանակցութիւններու աւարտին չորս նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Այս առթիւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու պատասխանեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վերաբերեալ հարցումի մը։ Չավուշօղլու այս կապակցութեամբ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Աւստրիոյ, որովհետեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու բանակցութիւնները կը հիւրընկալուին Վիեննայի մէջ։ Աւելի վերջ նախարարը ըսաւ. «Մեր յատուկ ներկայացուցիչները առիթ կ՚ըլլան Հայաստանի հետ ուղղակի տեսակցութեան՝ այլեւս առանց միջնորդի։ Անոնք կը քննարկեն վստահութեան ամրապնդման քայլերէ սկսեալ, մինչեւ ապագային առնուելիք հաւանական քայլերը։ Կը խորհրդակցինք»։

Չավուշօղլու յայտնեց, որ ցարդ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ առնուած են՝ վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ քայլեր։ «Վերջին հաշուով մենք կը փափաքինք այս գործընթացը շարունակել աստիճանական ձեւով։ Ինչպէս միշտ կ՚ըսեմ, Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցութեան մէջ ենք։ Անոնց հետ կը համակարգենք։ Թուրքիա կը խրախուսէ նաեւ Ատրպէյճան-Հայաստան բնականոնացումը։ Մենք կը փափաքինք, որ Ատրպէյճանի կողմէ առաջարկուած Հայաստանի հետ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնութիւնն ալ ժամ առաջ ստորագրուի։ Որովհետեւ տարածաշրջանէ ներս մշտական խաղաղութեան կարիքն ունինք։ Կեանքի պէտք է կոչուին նաեւ այն ենթակառուցուածքային ծրագրերը, որոնց պարագային Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ըմբռնում գոյացած է։ Հարաւային Կովկասէ ներս մշտական կայունութեան համար միասնաբար քայլեր պէտք է առնենք։ Մենք կը նկատենք, որ դժբախտաբար այս ուղղութեամբ մեծագոյն խոչընդոտն է Հայաստանի վրայ առկայ ճնշումը։ Սփիւռքը պառակտուած վիճակի մէջ է։ Մէկ մասը բացարձակապէս որեւէ ձեւով բնականոնացում մը չի փափաքիր, մէկ մասն ալ կ՚աջակցի։ Հայաստանէ ներս ալ ծայրայեղական խումբեր շարունակ վարչապետի բնակարանին վրայ կը յարձակին։ Լուրջ ճնշում մը կը ստեղծեն։ Սա ալ պատճառ կը դառնայ, որ Հայաստան բնականոնացման ուղղութեամբ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Թուրքիոյ հետ համարձակ քայլեր առնելու տեսակէտէ խոչընդոտներ ունենայ։ Սակայն մենք կը փափաքինք յառաջիկայ շրջանին այս շինիչ երկխօսութիւնը տեւականացնել», ըսաւ Չավուշօղլու։

Աւստրիոյ հիւրընկալութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով հանդերձ, Չավուշօղլու հարց տուաւ, թէ յառաջիկայ հանդիպումները ինչո՞ւ տեղի չունենան Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ։ «Մենք նոյնիսկ Հայաստանին առաջարկեցինք առաջին ժողովը Երեւանի մէջ ընել։ Սակայն Հայաստան տակաւին այս բանին պատրաստ չէ՝ ներքին ճնշման պատճառով։ Ապագային այսպիսի տեսակցութիւններ ալ կրնան ըլլալ։ Մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան համար պէտք է այսպիսի քայլեր առնուին. բնականաբար, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ալ պէտք է առնուին», եզրակացուց Չավուշօղլու։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու գծով Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ յայտարարեց. «Տրամաբանական կ՚ըլլայ, որ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու շարժը Թուրքիայէն Հայաստան եւ Հայաստանէն Թուրքիա իրագործուի այս ամառուան ընթացքին»։

Վիեննայի վերջին բանակցութիւններու ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնները ան մեկնաբանեց Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ։ Այս առթիւ Ռուբինեան նշեց, որ բացի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի քաղաքացիներէն՝ բոլոր երկիրներու քաղաքացիներուն համար սահմանը պիտի բացուի։ «Կան բազմաթիւ թեքնիք հարցեր, հիմա քաղաքական որոշում առած ենք, թեքնիք մանրամասնութիւնները տակաւին պէտք է աշխատանքային կարգով համաձայնեցուին՝ սահմանը անցնելու վայրը, դրութիւնը եւ այլն։ Շատ կարեւոր է, որ ժամկէտը ըլլայ իսկապէս սեղմ։ Տրամաբանական կ՚ըլլայ, որ սոյն պայմանաւորուածութիւնները իրագործուին այս ամրան ընթացքին», ըսաւ Ռուբինեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 5, 2022