ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւմտեան ուղղութեամբ քարտուղար Սանճայ Վերմայի երէկուան հանդիպումը ծաւալուն քննարկումներու առիթ հանդիսացաւ՝ երկու երկիրներու համագործակցութեան ապագային տեսակէտէ։ Երեւանի մէջ հնդիկ բարձրաստիճան դիւանագէտը հիւրընկալուեցաւ նաեւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Համբարձում Մատթէոսեանի կողմէ։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուեցաւ նաեւ փոխըմբռնման յուշագիր մը։ Արարատ Միրզոյեան այս առթիւ կարեւորեց Հայաստան-Հնդկաստան համագործակցութեան մեծ ներուժը բազմաթիւ ոլորտներէ ներս։

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, բանակցութիւններու ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային փոխադրութեան հաղորդակցութեան ծրագրերու իրականցման շուրջ՝ մասնաւորապէս «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրութեան միջանցքի նախագծին վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով։ Նախարարները անդրադարձան նաեւ Ճապահար նաւահանգիստի, ինչպէս նաեւ «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային փոխադրութեան միջանցքի շրջանակներէն ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերու։ Միրզոյեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի իրավիճակը եւ հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ գործընթացներուն կապակցութեամբ։ Ան շեշտեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան միջնորդական դերին նշանակութիւնը՝ այս հիմնախնդրի համապարփակ ու տեւական լուծման հասնելու ուղղութեամբ։ Միրզոյեան նաեւ վերահաստատեց հայկական կողմի աջակցութիւնը հնդկական կողմին՝ Ճամմուի եւ Քաշմիրի խնդիրներուն շուրջ։

Երէկուան այցելութեան զուգահեռ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստան-Հնդկաստան միջկառավարական յանձնաժողովի 8-րդ նիստը, որ շուրջ վեց տարուայ ընդհատումէ մը վերջ գումարուեցաւ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 5, 2022