ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­րա­հա­ւաք­նե­րու շար­քը կը շա­րու­նա­կուի։ Մայ­րա­քա­ղա­քի մեր­ձա­կայ­քին ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րոն մը բռնագ­րա­ւած «Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ­նե­րու խում­բին ի պաշտ­պա­նու­թիւն տե­ղի կ՚ու­նե­նան ցոյ­ցեր ու եր­թեր։ Թէեւ այդ ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նը ա­զա­տուած է, սա­կայն ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քը բնա­կա­նոն հու­նին չէ վե­րա­դար­ձած։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ դար­ձեալ հա­ւա­քուած էին ցու­ցա­րար­ներ։ Հան­րա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին հնչե­ցին ինք­նա­բուխ ե­լոյթ­ներ։ Յա­ջոր­դեց նաեւ երթ մը։

Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը մի­ջամ­տեց այս ցոյ­ցին եւ բազ­մա­թիւ ցու­ցա­րար­ներ տա­րուե­ցան ոս­տի­կա­նա­տուն։ Այս ա­ռա­ւօտ հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ բո­լորն ալ ա­զատ ար­ձա­կուած են։

Մինչ այդ, «Սաս­նայ ծռեր» խում­բէն Փաւ­լիկ Մա­նու­կեան ե­րէկ դադ­րե­ցուց հա­ցա­դու­լը։ Նոյն­պէս ե­րէկ նոյն խում­բէն հա­ցա­դու­լի ձեռ­նար­կեց այս ան­գամ Ա­շոտ Պետ­րո­սեան, որ կը հրա­ժա­րի նաեւ բժշկա­կան օգ­նու­թե­նէ։ 

Ուրբաթ, Օգոստոս 5, 2016