ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ԴԷՊՔԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան իրերայաջորդ սարսափելի յարձակումներ։ Այսպէս, Թեքսաս նահանգէն ներս, առեւտուրի կեդրոնի մը մէջ սպաննուեցաւ քսան հոգի եւ այս դէպքէն քանի մը ժամ անց Օհայոյի մէջ պառ մը ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակման։ Այս դէպքին ալ զոհ գնաց ինն հոգի։ Ոստիկանութիւնը չէզոքացուց յարձակողը։ Շիքակոյի մէջ ալ, հանրապարտէզէ մը ներս խորոված ընողներ ենթարկուեցան ինքնաշարժէ մը բացուած կրակի։ Այս դէպքին հետեւանքով ալ եօթ հոգի վիրաւորուեցաւ։

Այս բոլոր դէպքերը Միացեալ  Նահանգներու երեք տարբեր շրջաններուն մէջ, 24 ժամուան ընթացքին պատահեցան ու խլեցին քսանինն հոգիի կեանքը։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցաւակցեցաւ զոհերուն համար եւ հնգօրեայ ազգային սուգ հռչակեց երկրէն ներս։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019