ԱՆՎԵՐՋ ԵՒ ԱՄՈՒԼ ԿՈՉԵՐ

Արցախի ճակատին վրայ միշտ կը տիրապետէ լարուածութիւն։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առաւօտ տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջին իրադրութեան շուրջ։ Երէկ գիշեր շփման գծի վրայ յարաբերական կայունութիւն տիրած է։ Ընդհանուր առմամբ, լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Որոշ ուղղութիւններու վրայ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները հրադադարը խախտած են՝ կիրառելով հրաձգային զինատեսակներ։

Ստեփանակերտի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախորդ օրերուն վիրաւորուած զինուորներէն քանի մը հատը արդէն դուրս եկած են հիւանդանոցէն։ Երեք վիրաւորի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր, մէկ հատինն ալ՝ ծայրայեղ ծանր։ Երէկուան դէպքերուն հետեւանքով հայկական կողմէն տուժածներ չեն եղած։ 

Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի միջնորդութեամբ, իրադրութեան ապագայ կայունացման ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին։

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ հերթական տեղեկագիրը հրապարակեց Արցախի՝ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ներս տիրող իրավիճակին շուրջ։ Այսպէս, վերջին 24 ժամուան ընթացքին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը չորս անգամ խախտած են հրադադարը։

Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակի լոյսին տակ Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել՝ մանաւանդ, որ արիւնալի այս բոլոր դէպքերը անխուսափելիօրէն դուռ կը բանան Ռուսաստանի խաղաղարար առաքելութեան հարցաքննման։ Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի միակ նպատակն է վերացնել 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութիւնը։ «Եթէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի անվտանգութիւնը եռակողմանի ձեւաչափի մէջ չապահովուի, ապա պէտք է մտածել յաւելեալ միջազգային դրութիւններու գործարկման մասին», յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան։ Սա արդէն Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ յառաջացած բարդութիւններու, նոյնիսկ յուսալքութիւններու տեսակէտէ լուրջ ազդանշան մը կը համարուի։ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն անմիջապէս արձագանգեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։ «Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղապահներու վերաբերեալ Փաշինեանի առաջարկները չենք տեսած, ուստի չեմ կրնար գուշակութիւններ ընել», ըսաւ Լաւրով։

Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ մէկտեղուեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն կամ ներկայացուցիչներուն հետ։ Արցախէ ներս ստեղծուած իրադրութեան շուրջ օտարերկրեայ դիւանագէտները լուսաբանելու ժամանակ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ Ատրպէյճան բռնութեան ձեռնարկած է՝ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ներս։ Ըստ Միրզոյեանի, այս վերջին բռնի դէպքերուն նախորդած էր՝ Լաչինի միջանցքի վերահսկողութեան փոխանցման վերաբերեալ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին ներկայացուած նամակը։ Այսպէս, Ատրպէյճան կը նախատեսէ փոխել Լաչինի ներկայ միջանցքով անցնող երթուղին, ինչ որ կը համարուի հրադադարի յայտարարութեան կոպտագոյն խախտում։ Արդարեւ, հրադադարի յայտարարութեան 6-րդ կէտը յստակ կը սահմանէ, որ կողմերու (Ռուսաստան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան) համաձայնութեամբ յառաջիկայ երեք տարուայ ընթացքին պէտք է որոշուի Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կապը ապահովող Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր մայրուղիի մը կառուցման ծրագիրը, մինչդեռ եռակողմանի ձեւաչափով հաստատուած նման ծրագիր մը գոյութիւն չունի։

Արարատ Միրզոյեանի այս արտայայտութիւններուն համահունչ բովանդակութեամբ՝ օր մը առաջ ալ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը։ Երեւանէն հրապարակուած այդ յայտարարութիւնը անմիջապէս հերքուած է Պաքուի կողմէ։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխան յայտարարութեան մէջ տեղեկացուած էր, որ Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր ճանապարհի կառուցումը կը շարունակուի համաձայնեցուած երթուղիով։

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրով եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններով շահագրգռուած բոլոր դերակատարները վերջին օրերուն դարձեալ շարժման անցած են՝ Արցախի ճակատէն հասած մտահոգիչ իրադարձութիւններուն բերումով՝ մինչ միջազգային հանրութեան կողմէ անվերջ եւ ամուլ կոչեր հնչել կը շարունակուին, զսպուածութիւն ցուցաբերելու յորդորներով հանդերձ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի ընթացքը այսօր ամենայն հաւանականութեամբ ուշադրութեան առարկայ դառնայ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Սոչիի ժամադրութեան ատեն։ Հարկ է նշել, որ Վլատիմիր Փութին երէկ Արցախէ ներս ստեղծուած իրադրութիւնը արժեւորած է Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով այս առթիւ յայտնեց, որ ընդգծուած է՝ եռակողմանի հրադադարի համաձայնութեան բոլոր դրոյթները կեանքի կոչելու խիստ անհրաժեշտութիւնը։ Փեսքովն ալ անդրադարձաւ ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան վերաբերեալ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն։ «Ռուսաստանի տարբեր մակարդակներով Հայաստանի հետ սերտ շփումները հնարաւորութիւն կու տան պարզել այն հարցերը, որոնք Երեւանի կողմէ կը նկատուին ռուս խաղաղապահներու աշխատանքին վերաբերեալ։ Եթէ հարցեր կան, ապա, ի հարկէ, պէտք է պատասխանել անոնց։ Միեւնոյն ժամանակ, այն սերտ շփումները, զորս մենք տարբեր մակարդակներու վրայ ունինք հայկական կողմին հետ, թոյլ կու տան պարզաբանել առկայ հարցերը», յայտնեց Փեսքով։ «Իսկապէս մենք շատ ուշադիր կերպով կը հետեւինք, բնականաբար, մտահոգուած ենք իրավիճակի սրումով, կողմերուն կոչ կ՚ուղղենք զսպուածութիւն դրսեւորել եւ ամենակարեւորը՝ պահպանել յայտնի եռակողմանի փաստաթուղթերու բոլոր դրութիւնները», աւելցուց Քրեմլինի բանբերը։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ խիստ մտահոգութիւն յայտնեց Լաչինի միջանցքին շուրջ եւ շփման գծի այլ հատուածներէն ներս իրադրութեան մագլցման առընչութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ ռուս խաղաղապահները անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը կը գործադրեն՝ տեղւոյն վրայ իրադրութիւնը կայունացնելու համար։ Միեւնոյն ժամանակ, ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին բերումով Սերկէյ Լաւրով անմիջական շփում կը պահէ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Միջազգային յառաջատար դերակատարներու միջեւ խտացած դիւանագիտական երթեւեկի պայմաններուն ներքեւ, Արցախի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջեւ։ Ըստ Ուաշինկթընի աղբիւրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ Պլինքըն յայտնած է, որ ԱՄՆ պատրաստ է երկկողմանի համագործակցութեան համախոհ գործընկերներու հետ եւ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ պիտի նպաստէ Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութեան եւ հակամարտութեան երկարատեւ քաղաքական կարգաւորման։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսան ալ շարժման անցած է առկայ լարուածութեան մէջ։ Նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս առթիւ Մաքրոն յայտնած է, որ Փարիզ պատրաստ է աջակցիլ Երեւան-Պաքու երկխօսութեան շարունակման։ Իր կարգին Ալիեւն ալ նշած է, որ անհրաժեշտ է ապահովել Հայաստանի զինեալ ուժերու եւ հայկական ապօրինի զօրամիաւորումներու տարրերու դուրս բերման ապահովուիլը Ատրպէյճանի տարածքէն։

Պրիւքսելն ալ անմասն չի մնար առկայ դիւանագիտական ջանքերէն։ «Եւրոնիւզի» հաղորդումներով, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել կապի մէջ է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ն ալ մտահոգութիւն յայտնեց Արցախի իրադարձութիւններուն բերումով եւ զսպուածութեան կոչ ուղղեց։ Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց, որ վերջին հաղորդումները մտահոգիչ են։ «Մենք հիմա չենք կրնար ստուգել այդ տուեալները։ Մենք կողմերուն կոչ կ՚ուղղենք զսպուածութիւն դրսեւորել եւ առկայ բոլոր խնդիրները լուծել երկխօսութեան միջոցաւ», ըսաւ ան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 5, 2022