ՊԱԼԸՔԼԸԻ ՄԷՋ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Իսթանպուլի մէջ երէկ բառին բուն իմաստով ողբերգական դէպք մը պատահեցաւ։ Այսպէս, կէսօրուան ժամերուն ահաւոր հրդեհ մը ծագեցաւ Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցին մէջ։ Պատմական շէնքը բոցերու մէջ մնաց եւ համալիրի քանի մը բաժանմունքները դժբախտաբար հրոյ ճարակ դարձան։ Մինչ ահ ու սարսափի մթնոլորտին մէջ տարհանուեցան պատսպարեալներն ու հիւանդները՝ հրշէջ գունդը անմիջապէս վրայ հասաւ ու երկար ժամեր տեւած աշխատանքէն վերջ յաջողեցաւ զսպել բոցերը։ Հանրային կարծիքին մօտ այս ահաւոր հրդեհը լայն արձագանգ ու մեծ ցաւ ստեղծեց։ Կարգ մը հեռուստակայաններ ուղիղ եթերով սփռեցին ցաւալի իրադարձութիւնները։ Իսթանպուլի 11 տարբեր գաւառակներէն հրշէջ գունդի միաւորներ օգնութեան հասան Պալըքլը։ Համալիրի երեք շէնքերու տանիքները ամբողջութեամբ այրեցան եւ անոնք արդէն անգործածելի դարձան։ Հրդեհի ծագած պահուն յունաց հիւանդանոցին մէջ կը գտնուէր 62 տարեց պատսպարեալ եւ 42 դարմանուող հիւանդ։ Պատսպարեալներու մէկ մասը անշարժունակ էր։ Հրատապ ձեւով բոլորը տարհանուեցան ու մխիթարական միակ հանգամանքը եղաւ, որ ոեւէ զոհ կամ վիրաւոր չեղաւ։

Հրդեհի բռնկման զուգահեռ անմիջապէս դէպքի վայր այցելեցին Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա եւ գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու։ Կուսակալը յայտնեց, որ կառոյցը վերականգնելու համար համախումբ աշխատանք պիտի տարուի։ «Վէրքերուն սպիացումը մեր վզի պարտքն է», ըսաւ Ալի Երլիքայա։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ ցաւալի դէպքին բերումով հեռաձայնեց Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցի բժշկապետ Սթաթի Լէանային՝ արտայայտելով իր բարոյական զօրակցութիւնը։ Նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ հիւանդանոցի համալիրէն ներս փութով վերանորոգման աշխատանքները պիտի սկսին եւ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճային տրուած են անհրաժեշտ յանձնարարութիւնները։

Դէպքը, բնականաբար, մեծ ցաւ ստեղծեց քաղաքիս յոյն համայնքէն ներս։ Հրդեհի ժամկէտն ալ իսկապէս ցաւալի էր, արդարեւ նախորդ երեկոյեան Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցէն ներս ոգեւոր մթնոլորտ ստեղծուած էր՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի հովուապետական այցելութեան բերումով։ Այդ օրհնաբեր այցելութեան յաջորդ օրը մեղք որ վրայ հասաւ այս հրդեհը։

Յոյն համայնքի աշխարհական վարիչները երէկ հրդեհի ծագման զուգահեռ անմիջապէս հասան Պալըքլը՝ համախմբուելով հիւանդանոցի համալիրէն ներս։ Յունաց Համայնքային վաքըֆներու խրախուսման միութեան RUMVADER-ի ներկայացուցիչները մէկ կողմէ ցաւով ականատես եղան դժբախտ պատահարին, իսկ միւս կողմէ իսկոյն ջանքեր գործադրեցին, որպէսզի տարեցներն ու հիւանդները, բոլոր պատսպարեալները անօթեւան չմնան։ RUMVADER-ի ներկայացուցիչները, հակառակ ցնցումին, առաջին ընդհանուր արժեւորում մըն ալ ըրին հրդեհի շիջումէն վերջ։

Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ ՓՈՒՇԻ ՎՐԱՅ ԺԱՄԵՐ

Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցին մէջ երէկ ծագած հրդեհը թէ՛ մեծ ցաւ եւ թէ մեծ մտահոգութիւն յառաջացուց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս։ Արդարեւ, երկու պատմական հիւանդանոցներու ընդարձակ համալիրները կը գտնուին անմիջական հարեւանութեամբ, միայն պողոտայ մը կը բաժնէ զանոնք։ Մինչ յունաց հիւանդանոցի համալիրէն ներս հրշէջ գունդի միջամտութիւնները կը շարունակուէին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու նոյն պահերուն հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին մեզի յայտնեց, որ մեծ ցաւ կ՚ապրին այս ահաւոր տեսարանին դիմաց։ Ազգային հիւանդանոցի բոլոր պատասխանատուները հրդեհի ժամերուն մէկ կողմէ անհրաժեշտ ամէն տեսակ նախազգուշական միջոց ձեռք առած են, նոյնիսկ ծայրայեղ հաւանականութիւնները հաշուի առած են Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի շէնքն ու պատսպարեալները երաշխաւորելու, խնայելու համար, իսկ միւս կողմէ ալ առաջին օգնութեան հասնողները եղած են Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցին։

Այսօր տեղական մամուլէն զանազան թերթեր ալ արձանագրած են, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն անմիջապէս օգնութիւն հասած է Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցը։

Հրդեհի մարուելուն զուգահեռ Պետրոս Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ իսկապէս շատ ցաւալի է ականատես ըլլալ քոյր յոյն համայնքի այս մեծագոյն բարեսիրական կառոյցներէն մէկուն մատնուած վիճակին։

  

Ուրբաթ, Օգոստոս 5, 2022