ԿԻՒՄՐԻԻ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ

Հայաստանի կառավարութիւնը վերջին օրերուն ընդունեց Կիւմրի քաղաքի վերաբերեալ կարեւոր որոշում մը։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Երեւանի ղեկավարութիւնը առանձնապէս թափ տուած է Կիւմրիի զարգացման ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն։ Կառավարութիւնն ալ ընդունած է Կիւմրի քաղաքին մէջ ազատ տնտեսական գօտի (ԱՏԳ) մը ստեղծելու որոշման նախագիծ մը։ Այսպէս, «Եւրասիական լոժիսթիք փարք ազատ տնտեսական գօտի»ն ալ նոյն որոշումով նոր ստեղծուելիք ազատ տնտեսական գօտիի կազմակերպիչը ճանչցուած է։

Ըստ «Հետք» կայքէջի, ԱՏԳ ստեղծելու գաղափարը արդէն կը պատկանէր այդ նոյն՝ «Եւրասիական լոժիսթիք փարք ազատ տնտեսական գօտի» ընկերութեան հիմնադիրներուն եւ այս առումով նորութիւն մը չկայ։

2017-ի սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ արձանագրուած էր «Լոժիսթիք Էֆ. Թի. Զի.» ընկերութիւնը, որ այս տարուան մայիսին անուանափոխուելով դարձաւ՝ «Եւրասիական լոժիսթիք փարք ԱՏԳ»: Ընկերութիւնը հիմնած էր Իսրայէլի քաղաքացի, Իսրայէլ-Հայաստան Առեւտրական պալատի նախագահ Ցուի Քան-Թոր, որ նաեւ տնօրէնի պաշտօնը կը վարէր: Ընկերութեան արձանագրումէն երեք օր ետք Քան-Թորի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած էր Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան գլխաւոր վարչութեան այն ժամանակուան պետ Սերկէյ Աւետիսեանի կողմէ: Պատուիրակութեան անդամները յայտնած էին, որ Կիւմրիի «Շիրակ» օդակայանի յարակից տարածքին վրայ մտադիր են մատակարարման (logistique) կեդրոն ստեղծել, ինչ որ Աւետիսեանի կողմէ ողջունուած էր:

Քանի մը ամիս ետք՝ 2018-ի փետրուարին, Կիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան եւ «Լոժիսթիք Էֆ. Թի. Զի.» ընկերութեան նոր տնօրէն Հայկ Մաղաքեան փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրած էին:

«Հետք» կայքէջը այս մասին կը գրէ.-

«Յայտնի դարձած էր, որ ընկերութիւնը կը փափաքի Կիւմրիի մէջ կառուցել, շահագործել ու զարգացնել օդային ուղիներով փոխադրուող ապրանքներու համար նախատեսուած ազատ տնտեսական գօտի մը։ Ցուի Քան-Թոր նշած էր, որ Կիւմրիի ընտրութիւնը առաջին հերթին պայմանաւորուած է օդակայանի գոյութեամբ։ Հնարաւոր է թռիչքներ կատարել դէպի եւրասիական երկիրներ։ Կառավարութեան որոշումէն ալ կը տեղեկանանք, որ Կիւմրիի մէջ ԱՏԳ-ի ստեղծման նպաստած է ո՛չ միայն «Շիրակ» միջազգային օդակայանը, այլեւ «Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհային միջանցքը, երկաթուղին եւ համապատասխան հողատարածքներու գոյութիւնը»։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019