ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ ԻՐԱՆԻ ՎՐԱՅ ՃՆՇՈՒՄ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու կոչ ուղղեց, որպէսզի Իրանի վրայ ուժեղացուին ճնշումները՝ միջուկային գործարքի յայտնի հարցերուն բերումով։ «Այժմ Իրանի հետ բանակցելու ժամանակը չէ, Իրանի վրայ ճնշումը ուժեղացնելու ժամանակն է», ըսաւ Պենիամին Նեթանիյահու։

Նեթանիյահու տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն այս հարցերը պիտի քննարկէ Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընի եւ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըրի հետ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019