ՇԱՀԵԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ երէկ բացուեցաւ շահեկան ցուցահանդէս մը։ 2019-2020 կրթական շրջանի վերամուտին առթիւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն էր այս մէկը։ Ցուցահանդէսի բացման օրը այցելուներու շարքին էին հոծ թիւով դպրոցականներ, որոնք հետաքրքրութեամբ ծանօթացան ներկայացուած նիւթերուն։

Ազգային գրադարանի այս ցուցահանդէսի ծիրին մէջ ներկայացուած էին հայերէնի բազում այբբենարաններ։ Դասագիրքերու ներկայացումը իսկապէս հետաքրքրական էր՝ նոր կրթական շրջանի մը մեկնարկի մթնոլորտին մէջ։ Բայց եւ այնպէս, ձեռնարկի հետաքրքրութիւնը այդքանով սահմանափակուած չէր։ Արդարեւ, ներկայացուած էին աշխարհի բազում երկիրներու մէջ հրատարակուած հայերէն այբբենարաններ։ Այս հանգամանքը յաւելեալ տարողութիւն մը վերագրած է ցուցահանդէսին։ Հայերէնի ուսուցման լայն աշխարհագրութիւնը եւ ըստ տեղական առանձնայատկութիւններու որդեգրուած մեթոտները՝ վերջին տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ ցուցահանդէսի մը ձեւաչափին մէջ ներկայացուած են հետաքրքիրներու։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019