ԱԹԷՆՔ ՄԵՐԺԵՑ ՆԱԹՕ-Ն

Արեւելեան Միջերկրականի առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Յունաստան մերժեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի նախաձեռնութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Սթոլթենպերկ վերջին օրերուն օրակարգի վրայ բերած էր ծրագիր մը, որով կը նախատեսուէր արկածներու ռիսքը նուազեցնել եւ բախումները կանխելու նպատակով դրոյթ մը ստեղծել։ Ընդհանուր քարտուղարը երէկ տեղեկացուց, որ կողմերու միջեւ տակաւին համաձայնութիւն մը չէ գոյացած։ Ան յիշեցուց, որ ՆԱԹՕ-ի կողմէ նախատեսուածը քաղաքական բանակցութիւններու բնոյթ չունէր։

Միւս կողմէ, ըստ Աթէնքէ հասած լուրերուն, Յունաստանի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի Թուրքիոյ դէմ գանգատ ներկայացնել ՄԱԿ-ին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2020