ԿԱՅՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

ԱՊՀ-ի, ՀԱՊԿ-ի եւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները երէկ համատեղ ժողով մը գումարեցին Մոսկուայի մէջ։ Նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, որ ունեցաւ ելոյթ մը։ Իր խօսքին մէջ ան շեշտը դրաւ կայուն խաղաղութեան վրայ։

«Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս վերջերս կը նկատուի հակասութիւններու սրում։ Սա որոշ երկիրներու յաւակնութիւններու ընդլայնման հետեւանքն է։ Մեր տարածքաշրջանէն ներս աշխոյժ զարգացող ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները կարելի է բնութագրել՝ որպէս աշխարհաքաղաքական շահերու հակամարտութիւն։ Այստեղ առանցքային գործօնն է անվտանգութեան ընդհանուր տեսլականը, ինչպէս նաեւ ռիսքերու նուազեցման դրոյթներու բացակայութիւնը։ Տարածքաշրջանային հակամարտութիւնները ուժային լուծում չունին։ Հայաստանի համար անընդունելի է թէ՛ ռազմական հռետորաբանութիւնը եւ թէ այդ հակամարտութիւններուն մէջ նոր պետութիւններու ներգրաւման փորձերը՝ ապագային տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակի սրումով հանդերձ», ըսաւ Դաւիթ Տօնոյեան։

Իր ելոյթին մէջ Տօնոյեան ընդգծեց, որ տարածքաշրջանէ ներս Ռուսաստանի ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան խորացումը զսպող կարեւորագոյն գործօն կը հանդիսանան։ Սա կը նպաստէ տարածքաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման։ Հայաստանի ռազմավարական շահերու ոլորտի տիրոյթը սահմանափակուած չէ Կովկասով։ Արդարեւ, ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան ամբողջ գօտին, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքն ու Միջերկրականի արեւելքը այդ ամբողջին մաս կը կազմեն։ Ուստի, Հայաստան շահագրգռուած է այս տարածքաշրջաններէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանմամբ։

Ուստի, Դաւիթ Տօնոյեան շեշտեց, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ բազմակողմանի պաշտպանական համագործակցութեան ապագայ խորացումն ու ընդլայնումը։ Աշխարհ աւելի փոխկապակցուած կը դառնայ։ Այս կամ այն տարածքաշրջանէ ներս որեւէ անկայունութիւն յղի է ամբողջ աշխարհի տեսակէտէ ժխտական հետեւանքներու։ Այլ խօսքով՝ արդի պայմաններով տարածքաշրջանային անվտանգութիւնը անհնար է ապահովել՝ համաշխարհային անվտանգութեան համակարգի շրջանակներէն դուրս։

Դաւիթ Տօնոյեան համոզուած է, որ միջազգային հանրութեան գլխաւոր խնդիրը կայուն խաղաղութեան կառուցումն է։ Սա հիմնուած է տարածքաշրջանային աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններ պարտադրելու միջոցաւ անկայունութեան նոր օճախներու ստեղծումը բացառելու վրայ։ «Միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու՝ առանց շեղումներու պահպանումը առանցքային դեր կը խաղայ հակամարտութիւնները կանխելու ուղղութեամբ։ Հայաստան մշտապէս հանդէս եկած է միջազգային իրաւունքի, ողջամիտ համաշխարհայնացման եւ միջազգային անվտանգութեան ճարտարապետութեան չափանիշներու համարժէք կիրառման ի նպաստ», ըսաւ Դաւիթ Տօնոյեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2020