ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ

«Երեւանեան հեռանկարներ» երաժշտական միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը ելոյթ մը ունեցաւ՝ գլխաւորութեամբ գեղարուեստական ղեկավար Եդուարդ Թոփչեանի։ Ճիւզեփփէ Վերտիի «Լա Թրավիաթա»ն հնչեց Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքի բակին մէջ։ Բացօթեայ ձեռնարկը արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը ծափողջոյններու արժանացաւ՝ իր յաջող կատարումներով։

Այս համերգի ամբողջ հասոյթը կը յատկացուի լիբանանահայութեան զօրակցելու համար։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2020