ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած զրոյցը տեւեց 1 ժամ 15 վայրկեան։ Նեչիրվան Պարզանի երեք տարուան ընդհատումէ մը վերջ այցելեց Անգարա։

Կը հաղորդուի, որ հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան այն գործողութիւնները, որոնք Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսայի Իրաքի մէջ կը մղուին ՓՔՔ ահաբեկչութեան կազմակերպութեան դէմ։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մէջ համագործակցութիւնը, Հիւսիսային Իրաքի հետ առեւտրատնտեսական կապերը եւ Հապուրի սահմանային անցքի տարողութեան ընդլայնումը եւս օրակարգի վրայ եկան հանդիպման ժամանակ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2020