1612 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ շրջանը պայքարի եւ նախազգուշական միջոցներու մէջ միասնականութեան շրջան մըն է, ուստի պէտք է ըլլալ միասնական։

Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց համաճարակի վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 117 հազար 113 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ՝ 1612 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 53 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1021։ Ներկայ դրութեամբ 1076 վարակեալի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ ընդգծեց, որ ծանր հիւանդներու թիւը կը բարձրանայ։ Ան շեշտեց, որ նախարարութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը գտնուի հիւանդանոցներու կացութիւնը եւ այս տեսակէտէ մեծ խնդիր մը գոյութիւն չունի։ Թուրքիոյ հիւանդանոցներուն մէջ մահճակալներու զբաղուածութեան համեմատութիւնը կը կազմէ 51 տոկոս։ Խտացեալ խնամքներու պարագային սա 68 տոկոս է, իսկ արհեստական շնչառութեան սարքերու պարագային՝ 31 տոկոս։ Համաճարակի ընդհանուր մթնոլորտին մէջ կացութիւնը կը դիտարկուի քաղաք առ քաղաք։ Երբեմն, հիւանդներու թիւի յանկարծակի բարձրացման պատճառով կարգ մը քաղաքներու մէջ կը յառաջանան խնդիրներ, սակայն անհրաժեշտ միջամտութիւնը անմիջապէս կը կատարուի։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2020